Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը Հինգշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2018-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ կազմակերպեց դասախօսութիւն-ճաշկերոյթ մը, որ մաս կը կազմէր Մարմինին հանրօգուտ ձեռնարկներու շարքին։ Ձեռնարկը կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։ Ներկայ էին Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան եւ բազմաթիւ հիւրեր։
Հանդիպումը սկսաւ Առաջնորդ Սրբազանին կողմէ սեղաններու օրհնութեան աղօթքով։ Հանդիսավարը՝ կազմակերպիչ մարմինի անդամներէն Տիկին Մարալ Դարբինեան ողջունեց ներկաները եւ յայտնեց, որ նման ձեռնարկներ կը կազմակերպուին, նկատի ունենալով, որ ֆիզիքական սնունդի կողքին, անհրաժեշտ է միտքի սնունդը։ Ան նշեց, որ իբրեւ դասախօս հրաւիրուած է Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի անդամներէն Դոկտ. Վերժին Մատէնլեան, որ պիտի ներկայացնէ ոսկրածուծի փոխպատուաստում նիւթը, բժշկագիտական միջոց մը՝ որ մարդասիրական ու ազգօգուտ աշխատանքի լծած է Հայկական Ոսկրածուծի հիմնարկը եւ միջոց է մարդկային կեանքերու փրկութեան։
Ճաշէն ետք, հանդիսավարը յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի աշակերտներէն Անտրէ Կիրակոսեանը, Նանօր Շահինեանն ու Քէյթլին Պաղտասարեանը, որոնք դաշնակի վրայ նուագով եւ երգերով ներկայացուցին գեղեցիկ փունջ մը, երգերը՝ դաշնակի վրայ ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցչուհիին՝ Սիւզի Փաշանեանի։ Տիկին Մ. Դարբինեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց վարժարանի տնօրէնութեան ու ուսուցչուհիին, որոնք ընդառաջած էին Տ.Օ.Մարմինի փափաքին եւ պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրը, ապա, դասախօսը հրաւիրելէ առաջ՝ հակիրճ կերպով ներկայացուց անոր վաստակը. Դոկտ. Վ. Մատէնլեան եղած է գիտաշխատող ու համալսարանի դասախօս, իսկ շուրջ 15 տարիէ ի վեր կը ծառայէ Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի յարկին տակ, ունեցած է նաեւ նոր սերունդներուն հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու դերակատարութիւն։
Դոկտ. Վ. Մատէնլեան, պաստառի վրայ նկարներու ցուցադրութեամբ, բացատրեց, թէ ինչու եւ ինչպէս կը կատարուի ոսկրածուծի փոխպատուաստումը, իբրեւ միջոց՝ դժուար բուժելի հիւանդութիւններ դարմանելու։ Առանց մտնելու մասնագիտական տեղեկութիւններու ոլորտին մէջ, ան հասկնալի ու մատչելի ձեւով սպառիչ բացատրութիւններ տուաւ մասնաւորաբար արեան որոշ հիւանդութիւններէ տառապողներու մասին, որ կը կարօտի յատուկ փոխպատուաստումի այս ձեւին։ Այս նպատակին հասնելու համար, հիւանդները պէտք ունին կամաւոր կերպով արիւն նուիրաբերողներու, որպէսզի անոնց մէջէն գտնուի յարմար անձը՝ փոխպատուաստումի համար։ Շուրջ 20 տարի առաջ կարիքը զգացուած է Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի ստեղծման, որովհետեւ հայերու համար գրեթէ անկարելի է այլ ժողովուրդներէ պատուաստ նուիրաբերող թեկնածուներ գտնելը։ Հիմնարկը լայնածիր աշխատանք տարած է, ունի շուրջ 29.000 արձանագրեալներ, օգտակար եղած է շուրջ 3.500 հիւանդներու, իր աշխատանքը մեծ մասամբ կը կատարէ կամաւորներու միջոցով։ Վերջապէս, ան լուսաբանութիւններ տուաւ Հիմնարկին կողմէ կամաւորներու արձանագրութեան աշխատանքին եւ նուիրաբերողներէն ակնկալութիւններու մասին, կոչ ուղղեց, որ շատեր միանան նուիրաբերողներու ցանկին, իբրեւ մարդասիրական ու ազգասիրական գործ, նաեւ, եթէ իրենց շրջանակին մէջ նման պարագաներու մասին իմանան, անյապաղ կապ պահեն Հիմնարկին հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ արագ բուժում ապահովել։
Դասախօսութեան աւարտէն ետք, հանդիսավարը հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը արտասանելու իր օրհնութեան խօսքը։
Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին դրուատիքով արտայայտուեցաւ դասախօսին տպաւորիչ ու օգտաշատ ներկայացումին մասին, գնահատեց գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցած աշակերտները, ապա անդրադարձաւ Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի ծառայական առաքելութեան, նշելով, որ անիկա ոչ միայն մարդասիրական գործ է, այլ նաեւ՝ աստուածահաճոյ առաքելութիւն, հետեւելով Տիրոջ պատուիրանին, թէ պէտք է սիրենք մեր նմանը, ինչպէս նաեւ օժանդակենք մեր կարելի միջոցներով։ Ան յիշեցուց, որ Յիսուս երկինք համբառնալէ առաջ իր աշակերտներուն թելադրած էր երթալ եւ իր խօսքը տարածել հեթանոսներուն, նոյն ոգիով ալ գործի լծուած է Ոսկրածուծի հիմնարկը ու ներկաները, իրենց կարգին, հրաւիրուած են ըլլալու նման առաքեալներ։ Ան յատուկ գնահատանք ուղղեց հիմարկի հիմնադիր Դոկտ. Ֆրիտա Ճորտընի ու անոր կողքին նուիրեալ ծառայողներուն, ու կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ ընդառաջեն այս հիմնարկի գործակցութեան հրաւէրին։ Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներուն մասին, յիշեցնելով, որ անոնք այս ու նմանօրինակ ձեռնարկներով մասնակից են Ազգ. Առաջնորդարանի առաքելութեան, ապա նաեւ ողջունեց ներկաները, որոնց շարքին՝ մեր եկեղեցիներու տիկնանց միութիւններու եւ «Օրրան» կազմակերպութեան ներկայացուցիչները։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը յարգելի դասախօսուհիին նուիրեց բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Յիսուսաբոյր» հատորէն օրինակ մը, նշելով, որ այս գիրքը անցեալ շաբաթ Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ արժանացաւ երրորդ տպագրութեան։
Յայտագիրին պաշտօնական բաժինին աւարտէն ետք, ներկաներուն առիթ տրուեցաւ հարցումներով դիմելու դասախօսին։