Հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին, Հինգշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2017-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11։30-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ճաշկերոյթ-դասախօսութիւն մը՝ «Առաջին Երգարանս» իբրեւ Հայ երգի յարատեւման միջոցներէն մին թեմայով։ Պիտի դասախօսէ «UCLA»-ի «Herb Alpert» երաժշտական դպրոցի անդամ Դոկտ. Քարեն Չթճեան Բրեսդի։
Կը հրաւիրենք մեր արուեստասէր ժողովուրդը ներկայ ըլլալու այս ձեռնարկին։ Ձեր տեղերը ապահովելու համար հեռաձայնել Ազգային Առաջնորդարան 818-248-7737 թիւին կամ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներուն՝ Վարդուկ 626-372-5536 եւ Վանիա 818-216-9935 թիւերուն։ Մուտքի նուէրն է $20։