Ազգային Առաջնորդարանը Կը Գուժէ Մահը Ազգային Վարչութեան Նախկին Անդամներէն Ճէք Գահուէճեանի


Խոր ցաւով կը սգանք մահը Թեմիս Ազգային Վարչութեան նախկին անդամներէն եւ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցիւոյ տասնամեակներու ծառայողներէն Ճէք Գահուէճեանի, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 23 Յունուար 2017ին:

Ճէք Գահուէճեան տասնամեակներ շարունակ ծառայած է Արեւմտեան մեր Թեմին ու մասնաւորաբար Ֆրեզնոյի ծխական համայնքին: Ընտրուած է անդամ Թեմիս Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին, Ազգային Վարչութեան, իբրեւ հոգաբարձութեան ատենապետ ծառայած է Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ ու անդամակցած՝ անոր դպրաց դասին. անոր ծառայութիւնները տարածուած են նաեւ Ֆրեզնոյի հայկական կեանքի տարբեր դաշտերուն վրայ:

Այս տխուր առթիւ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական Ժողովը, Ազգային Վարչութիւնը եւ անոնց հովանիին տակ գործող միաւորները խոր ցաւակցութիւն կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին՝ Տիկին Լիւսիլի, դուստրերուն ու անոնց ընտանիքներուն եւ բոլոր հարազատներուն:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022