Ազգ. Առաջնորդարանը Լոյս Ընծայեց “Ձօն Հայ Մայրերու” Հատորը


Ինչպէս ծանօթ է, Վեհափառ Հայրապետը 2013 տարին նուիրած էր Հայ Մօր: Այս առիթով, Ազգ. Առաջնորդարանի ձեռնարկած հրատարակութիւններէն նորագոյնը լոյս տեսաւ վերջերս եւ կը կրէ “Ձօն Հայ Մօր” խորագիրը:

104 մեծադիր էջերով այս հատորը գեղարուեստական գրութիւններու հաւաքածոյ մըն է, մէկտեղուած՝ բազմավաստակ դաստիարակ Սարգիս Փանոսեանի կողմէ: Ան հաւաքած է հայ մօր նուիրուած բանաստեղծութիւններ եւ արձակ էջեր, որոնք մաս կը կազմեն մեր նորագոյն շրջանի գրականութեան գանձարանին եւ որոնցմէ մաս մը երգի վերածուած է: Գրական պատառիկներուն կողքին, Ս. Փանոսեան կենսագրական սեղմ տեղեկութիւններ արձանագրած է ծանօթ ու երբեմն ալ շուքի մէջ մնացած հեղինակներուն մասին, որոնց լուսանկարները կ’ընկերանան կենսագրութիւններուն:

Հատորը կը բացուի Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի խօսքով: Գնահատելէ ետք Ս.
buy silvitra online myhst.com/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/silvitra.html no prescription

Փանոսեանի դաստիարակի վաստակն ու այս հատորի նիւթերուն մէկտեղումը, Առաջնորդ Սրբազանը կ’աւելցնէ. “Ամէնէն հաստափոր հաւաքածոն անգամ պիտի չկարենար սպառիչ կերպով ներփակել այն ծաւալուն գրականութիւնը, որ նուիրուած է Հայ Մօր. մեր Սրբազան Հայրերն ու շնորհալի գրողները ո՛չ միայն ներբողած են իրենց սեփական մայրերը, այլ զայն նկատած են մարմնաւորումը մեր հաւատքին, հայրենիքին ու ազգին, առաջին ու հիմնական դաստիարակը մեր մանուկներուն, անոնց մէջ սերմանելով մեր քրիստոնէական հաւատքը, հայրենիքին հանդէպ սէրն ու զոհաբերութեան կամքը”։

“Փոխան յառաջաբանի” խորագրեալ սրտի խօսք մը ունի Ս. Փանոսեան, որ գրութեան ընկերացուցած է իր մօր հետ լուսանկար մը:

Հատորը լոյս տեսած է ի յիշատակ Ալիս Աւագեանի, Ռոզա Պեքերեանի եւ Զուարթ Մովսէսեանի:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022