Լոյս Տեսաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի Քարոզներու եւ Պատգամներու Հաւաքածոն


Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 42րդ նստաշրջանի նախօրեակին, 16-17 Մայիս 2014-ի շաբաթավերջին, Ազգային Առաջնորդարանի հրատարակութեամբ, լոյս տեսաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի քարոզներու ու պատգամներու անգլերէն հատորը՝ “A Collection of Spiritual Reflections”։ Գիրքի հրատարակութիւնը իրականացաւ Արեւմտեան Թեմի գլխաւոր բարերարներ՝ “Գարոլան Ընտանիքի Հիմնարկութեան” մեկենասութեամբ եւ ձօնուած է “Հայ Տարեցներու Տարուան”։

Գրքին մէջ տեղ գտած են Առաջնորդ Սրբազան Հօր Եպիսկոպոսական օծումէն՝ 1997-էն մինչեւ օրս գրուած ու ներկայացուած քարոզներէն ու պատգամներէն փունջեր։ Անոնք կþընդգրկեն Ս. Ծննդեան, Ս. Զատկուան, Ապրիլ 24-ի եւ ազգային տօներու առթիւ տրուած պատգամներ, յատուկ առիթներով գնահատականներ, եւ օրհնութեան խօսքեր ուղղուած մեր երիտասարդութեան, ուսանողներուն, աշակերտութեան եւ գաղութիս կազմակերպութիւններուն։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ