Ազգային Առաջնորդարանի Վերահրատարակաց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Յիսուսաբոյր» Բանաստեղցութիւններու Հատորը

Ուրախ ենք յայտնելու մեր ժողովուրդին, որ Ազգային Առաջնորդարանը այս շաբաթ լոյս ընծայեց վաստակաշատ դաստիարակ, մտաւորական ու բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Յիսուսաբոյր» հատորը, որ սպառած էր։ Սա հատորին երրորդ հրատարակութիւնն է եւ իրագործուեցաւ բանաստեղծին հետ գործակցաբար՝ ժողովրդային պահանջին ընդառաջելով։

Հատորը կը բաղկանայ 168 էջերէ։ Այս հրատարակութիւնը նախկինին սոսկական վերարտադրութիւնը չէ, որովհետեւ հեղինակը զայն հարստացուցած է քանի մը այժմէական ու նոր բանաստեղծութիւններով, որոնք տեղ գտած են հատորին սկզբնաւորութեան։ Յառաջաբան մը եւ օրհնութեան խօսք մը ունի Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, որ վեր առած է բանաստեղծի ու Աստուծոյ հաւատարիմ ծառայի արժանիքները, որոնք մեր գրականութիւնը կը ծաղկեցնեն աւելի քան 80 տարիէ ի վեր եւ խորքին մէջ Աստուծոյ կողմէ շնորհուած ձիրքերուն ծաղկումն են ու հոգիի ակունքներէն բխած՝ ներշնչեալ խօսքի ճամբով Աստուծոյ մատուցումը, հետեւելով «զՔոյս ի քոյոց Քեզ մատուցանեմ» խորհուրդին։

Ստանալու համար, կարելի է դիմել Ազգային Առաջնորդարան։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022