Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Ընդունեց Հայոց Ցեպասպանութիւնը Որդեգրող Թիւ 296 Բանաձեւը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը, կ՛ողջունեն Երեքշաբթի 29 Հոկտեմբեր 2019-ին, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունող թիւ 296 բանաձեւի որդեգրումը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ։

Այս առթիւ, Արեւմտեան Թեմը կը շնորհաւորէ համայն հայութիւնը, որ 1915-էն ի վեր անմար կամքով հաւատաց ու կը հաւատայ իր արդար իրաւունքներու վերատիրացման երազին, որուն առաջին քայլը իրականացած տեսնելու հպարտառիթ վայրկեանը ապրելու բախտը կ՛ունենանք բոլորս։ Կը գնահատէ Ներակայացուցիչներու Տան անդամներն ու քաղաքական գործիչները, որոնք յանուն արդարութեան եւ ճշմարտութեան, շարունակաբար աջակցած են Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու գործին։ Յատկապէս կը գնահատէ ու կը շնորհաւորէ Հայ Դատի յանձնախումբը, բոլոր մարմիններն ու կամաւորները, որոնց տասնամեակներու վրայ երկարող անդադրում ջանքերուն արգասիքն է այս յաղթանակը։

Այսու, կոչ կ՛ուղղենք նաեւ, որ միասնաբար շարունակենք զօրակցիլ Հայ Դատին, որպէսզի յաղթանակի այս առաջին հանգրուանըամբողջանայ գալիք նոը յաղթանակներով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022