Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ Ժողովրդային Հանդիպում Հայաստանի Մօտ Միացեալ Նահանգներու Դեսպան Ռիչըրտ Միլզի Հետ


Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլսի Լոս Անճելըս այցելութեան առիթով, եւ ընդառաջելով դեսպանի փափաքին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Ազգային Վարչութիւնը կազմակերպած են ընդունելութիւն մը եւ ժողովրդային հաւաք մը, Հինգշաբթի, 10 Մարտ 2016ի երեկոյեան:

Առաջնորդ Սրբազանին եւ ժողովականութեան ներկայացուցիչներուն հետ Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ հանդիպումներէ ետք, հիւր դեսպանը ժողովուրդին հետ հանդիպում պիտի ունենայ «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, ժամը 7էն մինչեւ 8:30: Ան պիտի ներկայացնէ զեկուցում մը՝ դեսպանատան աշխատանքներուն եւ Հայաստանի հետ գործակցութեան ասպարէզներուն մասին, ապա պիտի պատասխանէ ներկաներու հարցումներուն: Մուտքը ազատ է:

Դեսպան Միլզ վաստակաւոր դիւանագէտ մըն է: Հայաստանի մէջ պաշտօնի կոչումէն առաջ, վարած է Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու փոխ դեսպանի պաշտօնը, 2012էն 2014: 2012ին արժանի նկատուած է դիւանագիտական փոխ ներկայացուցիչներու պարգեւին, պետական քարտուղարութենէն ստացած է ինը մրցանակ-պարգեւ: Ան Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանն է Դեկտեմբեր 2014էն ի վեր:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022