Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի Օր

Ուրբաթ, 1 Մարտին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի Օրուան 49-րդ տարեկան հաւաքը, մասնակցութեամբ Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ, Աւետարանական, Նազովրեցի եւ Եղբայրակցութեան եկեղեցիները ներկայացնող տիկիններու։

Համաշխարհային Աղօթքի Օրը կը նշուի աւելի քան 170 երկիրներու մէջ։ Այս տարուան խորհրդածութեան թեման է «Եկէ՛ք, ամէն ինչ պատրաստ է արդէն» պատգամը, քաղուած Յիսուսի մեծ խնճոյքին առակէն (Ղուկաս 14:15-24)։

Յայտագիրը կազմուած է աղօթքներով, սաղմոսներու եւ Աւետարանէն հատուածներու ընթերցումներով, հոգեւոր երգերով ու շարականներով, հոգեւոր խորհրդածութիւններով եւ պատգամներով։

Առաջնորդ Սրբազանը, ընկերակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներու, մասնակից պիտի ըլլայ արարողութեան եւ պիտի փոխանցէ իր օրհնութեան խօսքը։

Յայտագիրը պիտի սկսի ժամը 11։00-ին. անկէ առաջ, ժամը 9։30-ին, տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն, իսկ ժամը 10:30-ին աղօթքի պահ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022