Գրասէր հայորդիներ Չորեքշաբթի, 26 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամադրուած էին Ազգային Առաջնորդարանի »Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան« սրահին մէջ, դարձեալ արժեւորելու Հայ Գիրքն ու Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանի վերջին հրատարակած »Հայոց Ցեղասպանութիւնը Գրականութեան Մէջ« հատորը:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի, Համազգային Հայ Կրթական Մշակութային Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան եւ Հայ Կրթական Հիմնարկութեան։ Ներկայ էին Թեմիս հոգեւորականաց դասի անդամներ, Ազգային Վարչութեան ատենապետուհի Տիկ. Ռիմա Պօղոսեան եւ անդամներ:
Հանդիսավարը՝ Տիկին Ծովինար Մելքոնեան, ներկաները ողջունելով ներկայացուց ձեռնարկին առաջին դասախօսը՝ Դոկտ. Յակոբ Կիւլլիւճեանը, որ հանգամանօրէն իր վկայութիւնը տուաւ հեղինակ՝ Դոկտ. Ռուբինայի »Հայոց Ցեղասպանութիւնը Գրականութեան Մէջ« գիրքի մասին։ Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով թէ այսպիսի գիրքեր եւ անոնց մէջ ուսումնասիրուած գրութիւնները մեզ վերստին կը մղեն աղէտի փորձառութեան անձնականացումին:
Դոկտ. Կիւլլիւճեանի խօսքէն անմիջապէս ետք յայտագիրին մասնակցութիւն բերաւ դաշնակահար Տիկին Լիտիա Թէլունց որ երեկոն աւելի քաղցրացուց, ներկայացնելով Արամ Խաչատուրեանի կտորներէն:
Հանդիսավարը ապա հրաւիրեց Դոկտ. Փիրումեանը որ իր խօսքը փոխանցէ ներկաներուն: Դոկտ. Փիրումեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ձեռնարկի կազմակերպիչներուն՝ Ազգային Առաջնորդարանի եւ Համազգային Հայ Կրթական ու Մշակութային Միութեան եւ բոլոր ներկաներուն: Ան յայտնեց թէ հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւնը շատ երկար տարիներու դժուար եւ սպառիչ ընթացք եղաւ իրեն համար եւ հսկայական ճիգ պէտք էր ըներ որպէսզի զգացականօրէն չի մօտենար այդ ուսումնասիրութիւններուն:
Յիշեց թէ իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ երբեք ճիգ չէ ըրած փորձելու ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը փաստել, որովհետեւ հայոց ցեղասպանութիւնը փաստուած իրողութիւն եւ ճշմարտութիւն է, որուն մասին գրուած է բազմաթիւ գիրքերու, յուշագրութիւններու եւ վէպերու մէջ: Իր խօսքը աւարտեց ըսելով թէ այս բոլոր գրականութիւնները եւ յուշերը պէտք չէ պահուին մութին մէջ, պէտք չէ մոռնանք, որպէսզի չի մոռցուին մեր նահատակներուն յիշատակներն ու զոհաբերութիւնները:
Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փակման՝ իր օրհնութեան խօսքին մէջ, կարեւորութեամբ կեդրոնացաւ Դոկտ. Փիրումեանի հսկայ աշխատանքին վրայ որպէս ակադեմական ու պատմագէտ, նշելով թէ ան տարիներու հարուստ վաստակ ունի իբրեւ մտաւորական ու Հայ Դատի գիրքերու ու դասագիրքերու հեղինակ, ինչպէս նաեւ Ազգային Առաջնորդարանէն ներս իբրեւ Խնամակալ Մարմնի եւ Ազգային Վարչութեան երկար տարիներու անդամ։։ Սրբազան Հայրը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ մանաւանդ ձեռնարկի մասնակցողներուն, շեշտելով թէ ձեռնարկը մէկ կողմէ եղաւ վկայակոչութիւն, եւ միւս կողմէ՝ մեր նահատակներու հոգեվիճակին մէջ ըլլալու վերապրում, որպէսզի մենք ոչ միայն ձերբազատուինք զոհի հոգեբանութենէ, այլ 100-ամեակէն ետք պետութիւնները յանցաւոր զգացնենք մեր իրագործումներով եւ մեր արդար դատի եւ պահանջատիրութեան հիմնականօրէն տէրը ըլլալով: