ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄԻՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ

Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը, հաւատարիմ իր աւանդութեանց, Հինգշաբթի, 29 Մարտի կէսօրին, Ազգ. Առաջնորդարանի »Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան« սրահին մէջ կազմակերպած էր հաճելին օգտակարին միաձուլող ձեռնարկ մը, որ ճաշի սեղանի շուրջ համախմբեց աւելի քան 100 տիկիններ, որոնք ունկնդիր եղան Հայ Գիրքին արժէքին մասին Ա. դասախօսութեան։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ, ձեռնարկը սկսաւ կէսօրին։ Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Ռիմա Պօղոսեան, միութենական եւ եկեղեցիներու Տիկնանց Միութեանց ներկայացուցիչներ ու Ազգ. Առաջնորդարանի բարեկամներ ու բարերարներ։ Իբրեւ դասախօս հրաւիրուած էր բազմավաստակ դաստիարակ Տիկին Խաթուն Բագրատունի։

Տ. Օ. Մարմինի ատենապետուհի Տիկին Սալբի Սրուրեան հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը՝ կատարելու սեղաններու օրհնութիւնը։ Ապա, իր բացման խօսքին մէջ, ան ողջունեց ներկաները, որոնք ընդառաջած են Հայ Գիրքին նուիրուած առաջին ձեռնարկին, նախաձեռնութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին։ Ան նշեց, որ հայերէն առաջին գիրքին հրատարակման 500րդ տարեդարձին առիթով, Վեհափառ Հայրապետը 2012 տարին ձօնած է Հայ Գիրքին, իսկ ԵՈՒՆԵՍՔՕն Երեւանը հռչակած է գիրքի մայրաքաղաք։ Տիկին Սրուրեան կանգ առաւ հայ անհատի կեանքին ու հոգեմտաւոր աճումին մէջ հայ գիրքի դերին ու կարեւորութեան, նշելով, որ ուսուցիչը, բանաստեղծն ու մտաւորական առաջնորդները կը կերտուին գիրքի ճամբով, հետեւաբար, կոչ ուղղեց, որ յատկապէս այս տարի, յաճախ այցելենք հայկական գրատուներ ու մանուկներու թէ բարեկամներու նուիրենք հայերէն գիրք, Սուրբ Գիրք։ Ապա, ան հրաւիրեց Տիկին Խաթուն Բագրատունին, որպէսզի Հայ Գիրքի մասին իր մտածումներուն հաղորդակից դարձնէ ներկաները։

Տիկին Խ. Բագրատունի իր խօսքը սկսաւ վեր առնելով հայ գիրքին դերը՝ հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ։ Ան մէջբերումներ կատարեց Վեհափառ Հայրապետի այս տարուան թէ նախընթաց տարիներու պատգամներէն, ուր լուսարձակի տակ բերուած էին Հայ Դպրոցին ու լեզուին կարեւորութիւնը՝ մեր ժողովուրդի գոյութեան ու զարգացման ընթացքին մէջ։ Ապա, ան յետադարձ ակնարկութիւններ կատարեց մեր ժողովուրդի մշակութային զարգացման հանգրուաններուն, մեր գիրերու գիւտէն առաջ լեզուի կազմաւորման ու յաջորդող դարերուն մատեաններու պատրաստութեան հոլովոյթին, հասնելով մինչեւ Մխիթարեաններու դերակատարութեան՝ հայերէն դասագիրքերու պատրաստութեան ու տարածման իմաստով։

Իր խօսքի յաջորդ բաժինով, Տիկին Խ. Բագրատունի կանգ առաւ Արեւմտեան մեր Թեմի դպրոցական համակարգի ապրած զարգացումներուն վրայ, մեկնելով իր անձնական փորձառութիւններէն։ Ան յիշեցուց, որ 60ական տարիներուն, երբ այս ափերուն հաստատուեցան հայկական առաջին ամենօրեայ վարժարանները, յարմար դասագիրքերու տագնապ կար։ Ան դրուատիքով խօսեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի այն նախաձեռնութիւններուն մասին, որոնց շնորհիւ, մեր աշակերտները ի վերջոյ ունեցան յատուկ կերպով պատրաստուած դասագիրքեր։

Վերջապէս, բանախօսը անդրադարձաւ մեր դիմաց կանգնող մարտահրաւէրներուն, որոնց շարքին՝ օտար վարժարաններ յաճախող ու հայկական մթնոլորտէ հեռու մնացող հայ աշակերտներու հասնելու, ուսումնական ծրագիրներու մէջ արդի միջոցներու օգտագործման ու մանաւանդ մանուկներու եւ պատանիներու համար մատչելի գիրքերու պատրաստութեան պահանջներուն։ Ան գողտրիկ յուշով մը ներկաներուն պատմեց, թէ ինչպէս գիրքն ու ընթերցումը իրեն համար դարձած են սիրելի, ու իր խօսքը եզրափակեց՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Առաջնորդ Սրբազանին ու Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին, որ իրեն առիթ տուած են ներկայացնելու այս բանախօսութիւնը։

Ձեռնարկի պաշտօնական բաժինի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը։ Ան դրուատիքով խօսեցաւ ձեռնարկի կազմակերպիչներուն ու բանախօսին մասին, ապա վեր առաւ Հայ Գիրքին նուիրուած մէկէ աւելի ձեռնարկներ, որոնք տեղի ունեցած են վերջին 2 օրերուն։ Չորեքշաբթի, 28 Մարտի առաւօտուն, Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած էր Արեւագալի վերջին արարողութիւնը, որմէ ետք, եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան կողմէ կազմակերպուած ճաշի հանդիպումին՝ ներկայացուած էր Հայ Գիրքի մասին բանախօսութիւն մը։ Նոյն օրը, երեկոյեան, նոյն այս սրահին մէջ տեղի ունեցած էր Կարօ Պետրոսեանի նորագոյն հատորին շնորհահանդէսը, որ նոյնպէս նուիրուած էր Հայ Գիրքի տարուան, եւ ահա, դասախօսական այս ձեռնարկը՝ որ կը նպաստէ մեր մտային սնունդի։

Իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ այն ճիգերուն ու հրամայականներուն, որոնք կը բխին հայերէնին ապրած նահանջէն, յատկապէս արտերկրի օճախներուն մէջ։ Ան շեշտեց, որ ծնողք, տնօրէններ ու դաստիարակներ կոչուած են քաջալեր կանգնելու՝ նորահաս սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան ու յաջորդ սերունդի դաստիարակներու պատրաստութեան իմաստով։ Վերջապէս, վեր առնելով հայ գիրքը ըմբոշխնելու հրամայականը, Առաջնորդ Սրբազանը ընթերցեց Ժագ Ս. Յակոբեանի »Հայերէն Գիրք« բանաստեղծութիւնը, ուր բանաստեղծը կէտ առ կէտ վեր առած է գիրք-արժէքին կարեւորութիւնն ու արժանիքները՝ հայ մարդու կեանքին մէջ, իբրեւ ինքնութեան կերտիչ ու պահապան, երաշտի դիմաց սնունդ, բազմաթիւ բոյրերով ներկայացող ծաղիկ՝ սկսելով Ս. Մեսրոպէն մինչեւ Նարեկացի, Սայաթ Նովա ու Չարենց, եւ վերջապէս, հայը մկրտող ու իր քրիստոնէական ինքնութեան հետ կապող հաց ու գինի՝ կենսատու հաղորդութիւն։

Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց կոչ ուղղելով, որ մեր ծնողները ըլլան հայ գիրքի տարածիչ ու նուիրատու, որովհետեւ Հայ Գիրքին բովանդակութիւնը իւրացնելով, հայը աւելի լաւ ծառայութիւն պիտի ունենայ հայրենիքին ու ազգութեան։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022