ՈՂՋՈՒՆԱՀԱՆԴԷՍ՝ ԿԱՐՕ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ »ՀԱՅԵՑԻ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՃԱՆԱՊԱՐՀ« ՀԱՏՈՐԻՆ

Բազմաթիւ մշակութասէր հայորդիներ՝ գրող, մտաւորական, դաստիարակ, հանրային գործիչ ու գրասէր, Չորեքշաբթի, 28 Մարտի երեկոյեան ժամադրուած էին Ազգային Առաջնորդարանի »Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան« սրահին մէջ, արժեւորելու Հայ Գիրքն ու հայ հեղինակները։ Արդարեւ, 2012 տարին »Հայ Գիրքի Տարի« հռչակող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պագտամին ընդառաջելով, Ազգային Առաջնորդարանը լոյս ընծայած էր ծանօթ մտաւորական ու բազմավաստակ դաստիարակ Կարօ պետրոսեանի »Հայեցի Կրթութիւն եւ Ճանապարհ« հատորը եւ կազմակերպած՝ ողջունահանդէս մը, որ եղաւ գիրք-արժէքին նուիրուած ձեռնարկներու մեկնակէտը։

Ողջունահանդէսը սկսաւ ժամը 8ին, հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան երէց անդամներէն Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան, հոգեւորականաց դասու, Ազգ. Վարչութեան անդամներ, Ազգային Վարժարաններու տնօրէններ ու դաստիարակ-ուսուցիչներ, մամլոյ ծառայողներ, արուեստագէտներ ու ազգային կեանքի մէջ դերակատարներ։

Հանդիսավարը՝ Տիար Սարգիս Մահսէրէճեան, ներկաները ողջունելով, իբրեւ յայտագիրին յարմարագոյն մուտք, ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետի պատգամէն բաժին մը, ուր վեր կþառնուէր Հայ Գիրքի հրատարակման ու տարածման մէջ կաթողիկոսութեան դերն ու առաքելութիւնը, ապա նաեւ գիրքի, հրատարակութեան ու հեղինակներու նախաձեռնութեանց մասին արժեւորումը։ Ան նշեց, որ այս ողջունահանդէսը Հայ Գիրքին նուիրուած առաջին ձեռնարկն է, բայց վերջինը պիտի չըլլայ։ Ապա, ան բեմ հրաւիրեց ծանօթ հրապարակագիր, Հայ Դատի սպասարկու եւ ազգային գործիչ Յարութ Սասունեանը, որպէսզի ներկայացնէ հատորը։

Յ. Սասունեան յայտնեց, թէ սիրայօժար ընդառաջած է իր երբեմնի դասիարակ-տնօրէնին ու Առաջնորդ Սրբազանին առաջարկին, յանձն առնելով խօսիլ այս հատորին բովանդակութեան ու արժէքին մասին։ Ան կանգ առաւ այն իրողութեան վրայ, որ Հայ Գիրքի Տարին կը զուգադիպի հայկական առաջին տպագրեալ գիրքի 500ամեակին, ինչ որ ՄԱԿը մղած է Երեւանը հռչակելու »Հայ Գիրքի Մայրաքաղաք«։

Յ. Սասունեան իր խօսքը բաժնած էր երկու գլխաւոր մասերու։ Առաջին հերթին, ան անդրադարձաւ հատորի կազմին ու տպագրական որակին եւ բովանդակութեան։ Ան նշեց, որ հատորը գեղեցիկ հրատարակութիւն մըն է, կողքը հայկական թռչնագիր գծագրութեամբ ստեղծագործուած է ծանօթ արուեստագէտ Սիրուն Երէցեանի կողմէ, գործակցութեամբ Հէրի Մեսրոպեանի, էջադրումն ու ձեւաւորումը կատարած է Յովիկ Մահսէրէճեան, ու կը ներկայանայ գրեթէ անխոցելի պատրաստութեամբ։ Անիկա տօներու, հայկական յարանուանութեանց ու բարեսիրական ու մշակութային միութեանց մասին կը բովանդակէ լայն գիտելիքներ, որոնք օգտակար են ոչ միայն նորահաս սերունդներուն, այլ նաեւ երէցներուն։ Առաջին գլուխին տակ, լայն բացատրութիւններ տրուած են ազգային ու եկեղեցական 12 տօներու մասին, երկրորդ գլուխը վեր կþառնէ հայկական երեք յարանուանութեանց պատմութիւնն ու դերակատարութիւնը մեր ազգային կեանքին ու պատմութեան կերտումին մէջ, իսկ երրորդը կը լուսաբանէ հայկական բարեսիրական, մշակութային ու ազգօգուտ միութիւնները, հիմնադրամներն ու նմանօրինակ միաւորներ, որոնք տասնամեակներու ծառայութիւն ունին մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին։

Իր խօսքին երկրորդ բաժինով, բանախօսը վեր առաւ հատորի խորագիրին »ճանապարհ« բառը եւ կատարեց կարգ մը խորհրդածութիւններ։ Ան շեշտեց, որ գիրքին արժէքը, ճիշդ է, կը կայանայ անոր փոխանցած հարուստ գիտելիքներուն մէջ, ինչ որ կարեւոր է երիտասարդ թէ այլ ընթերցողներուն, սակայն նոյնքան կարեւոր է այդ գիտելիքներուն օգտագործումը, որպէսզի նոր սերունդները ներգրաւուին ազգային կեանքի տարբեր դաշտերուն մէջ։ Ան շեշտեց, որ մենք կը հպարտանանք ըսելով, որ Քալիֆորնիան արտերկրի ամէնէն հայաշատ գաղութն է, սակայն անհրաժեշտ է, որ հայութեան կեանքէն մեկուսացած կամ կրաւորական ընթացք որդեգրած զանգուածները ներգրաւուին մեր աշխատանքի դաշտերուն մէջ, իսկ այս հրատարակութիւնը կրնայ կարեւոր դեր ունենալ հայութեան իրականութեանց ծանօթացումին իմաստով, որովհետեւ կրաւորական ընթացք ունեցողը օգտակար չի կրնար ըլլալ հայութեան ու հայրենիքին։

Նշելով, որ Առաջնորդ Սրբազանը հատորի մուտքին ունի գնահատանքի ու արժեւորման խօսք՝ հանդիսավարը նշեց, որ Առաջնորդ Սրբազանը այսօր ալ ունի ըսելիք, ու բեմ հրաւիրեց զինք։

Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ներկաները, ուսուցիչ, տնօրէն, մտաւրականներ, ու յատկապէս դաստիարակ-մտաւորական Կարօ Պետրոսեանը, այս հատորին հրատարակութեան առիթով։ Ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ հեղինակին այս նորագոյն հատորին հրատարակումը յանձն առնելու Ազգ. Առաջնորդարանի մօտեցումին, նշելով, որ հատորը կը բովանդակէ այնպիսի գիտելիքներ, որոնք տասնամեակներ շարունակ նիւթ եղած են հեղինակին դաստիարակչական գործին։ Ան կանգ առաւ հեղինակի բացատրական էջին՝ »երեք խօսք«ին վրայ, ուր Կ. Պետրոսեան անդրադարձած էր տօները, եկեղեցին ու համայնքները, ապա նաեւ միութիւններն ու կազմակերպութիւնները սիրելու մեր ժողովուրդի կեցուածքին, նշելով, որ այդ սէրը կը բխի յիշեալ արժէքներուն ազգային կեաքին մէջ ունեցած դերէն ու ծառայութիւններուն հանդէպ յարգանքէն։

Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ հեղինակը եղած է Անթիլիասի Դպրեվանքի սան, անոր աղբիւրէն ըմպած ոգեղէն սնունդը տասնամեակներ շարունակ ջամբած է իրերայաջորդ սերունդներու, իսկ այս հատորը, իր բովանդակութեամբ, վկայութիւն է, որ ան կը հաւատայ մեր եկեղեցւոյ, միութեանց ու կազմակերպութեանց արժէքին, կը ջանայ զանոնք իբրեւ մեր ժողովուրդի յաւերժութեան նպաստող արժէքներ, դաստիարակի մօտեցումով՝ մատչելի դարձնել ընթերցողին. անոր մտասեւեռումը եղած է հայ աշակերտը, որուն կþուզէ ներշնչել հաւատք, հայրենասիրութիւն ու կրթութիւն։ Ան բացատրեց, որ այս այս հատորը պատրաստուած է ըլլալու հայերէն դասագիրիքին ուղեկից՝ պատմական եւ ազգային կեանքի մասին օգտակար գիտելիքներ ջամբելու համար հայ աշակերտին։ Վերջապէս, իր բազմազան բովանդակութեամբ, հատորը արթնութեան կոչ է ընթերցողին, որպէսզի ծանօթանայ մեր ժողովուրդի յաւերժութեան ճամբան ցոյց տուող այս գիտելիքներուն։ Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց հեղինակին վաստակը, ինչպէս նաեւ դրուատիքով անդրադարձաւ Յարութ Սասունեանի ներկայացումին մասին։

Վերջին խօսքը կը պատկանէր հեղինակին՝ Կարօ Պետրոսեանի։ Ան առաջին հերթին ողջունեց բոլոր ներկաները, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք քաջալեր ու հովանաւոր հանդիսացած են այս հատորի հրատարակման մէջ։ Ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ այս հատորին կազմութեան առիթ տուող մտածումներուն ու նպատակներուն, ընդգծելով, որ ազգային արժէքները՝ տօներ, եկեղեցի ու միութիւններ, հայ պատանիին ու աշակերտին ծանօթացնելով՝ այդ արժէքները կը դառնան աշակերտին ու պատանիին կեանքին մէկ մասնիկը, զանոնք կը հրաւիրեն ուղղակի մասնակից ըլլալու այդ աշխատանքերուն ու ազգային կեանքին։ Իսկ նկատի ունենալով, որ կան բազմատասնեակ հազարաւոր հայ աշակերտներ, որոնք հեռու են հայկական ուսումնարանի մթնոլորտէն, կարեւոր է նման հրատարակութիւններ լոյս ընծայել նաեւ անգլերէն տարբերակով։ Կ. Պետրոսեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինին, հանդիսավարին, հատորի կողքի ձեւաւորումը կատարողներուն, Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի Տնօրէնին ու շրջանաւարտներուն, ու յատկապէս Յարութ Սասունեանին, ապա նաեւ ներկաներուն ու մամուլի ծառայողներուն։

Յայտագիրին մասնակցութիւն բերաւ շնորհալի քանոնահար Լիլիթ Խաչոյեան, Խաչատուր Աւետիսեանի սաներէն, որ կատարեց երեք կտոր։

Հանդիսավարը ներկաներուն հաղորդեց, որ հատորին հրատարակութեան առիթով, շնորհաւորանքի ու ողջոյնի գիրեր հասած են հեղինակին։ Ան հատուածներ ընթերցեց Լիբանանի Լ. եւ Ս. Յակոբեան Քոլէճի տնօրէն Վիգէն Աւագեանի, բազմավաստակ դաստիարակ Երուանդ Պապայեանի, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ Նիւ Եորքի Ս. Նահատակաց վարժարանի տնօրէնուհի ու ծանօթ մտաւորական Զարմինէ Պօղոսեանի նամակներէն։

Երեկոն փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազանին »Պահպանիչ«ով։ Ներկաները առիթ ունեցան անձամբ շնորհաւորելու հեղինակը եւ ստանալու հատորէն մակագրուած օրինակներ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022