Ինչպէս ծանօթ է, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2019 տարին նուիրած է Հայ Մամուլին եւ այս առիթով հրապարակած է պատգամ մը, մեր ժողովուրդը հրաւիրելով ամրապնդելու Հայ Մամուլին հետ հաղորդակցութիւնը, գնահատելու իր առաքելութիւնը եւ հաւաքական զօրակցութիւն արտայատելու։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, 10 Փետրուար 2019-ին, մեր թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի, ընթերցուեցաւ «Հայ Մամուլի Տարուան» հայրապետական պատգամը։
Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսապետեց Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ ընթերցեց Նորին Սրբութեան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատուցանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան։ Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամ՝ Տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան, Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի անդամներ՝ Տիար Կարօ Իսբէնճեան, Հ.Յ.Դ. «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի ներկայացուցիչներ, եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամներ, գաղութի կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ։
Առաջին հերթին, Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ներկայացուցչական դէմքերն ու հաւատացեալները, մասնաւորաբար Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի 7-րդ եւ 8-րդ կարգի աշակերտները, որոնք իրենց ծնողներուն եւ դաստիարակներուն ընկերակցութեամբ ներկայ էին Ս. Պատարագին։ Ան նշեց, որ մեր եկեղեցին այսօր կը տօնէ Առաջաւորաց Պահքի Բարեկենդանը, բացատրեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ հաստատուած առաջին պահեցողութեան առիթն ու իմաստը եւ յիշեցուց յառաջիկայ օրերու տօները, ու յորդորեց աշակերտները, որ ըլլան շնորհալի զաւակներ Աստուծոյ, եւ ճիգ ընեն մնալու սիրելի եւ հնազանդ զաւակները իրենց ծնողներուն։
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը հաւատացեալներուն հրամցուց Մամուլի Տարուան նուիրուած հայրապետական պատգամը, որ լուսարձակի տակ առած է Հայ Մամուլին դերը, մեր ազգային կեանքի, հայակերտումի, ազգակերտումի եւ հայրենակերտումի իբր ազդու միջոց, ինչպէս նաեւ հայ լեզուի, գրականութեան, հայոց պատմութեան եւ հայ դատի մասին հիմնական տեղեկութիւններու իբրեւ աղբիւր, բայց ամէնէն աւելի՝ իբր հայոց լեզուի պաշտպան։ Վեհափառ Հայրապետը կը հաստատէ, որ հայ մամուլը ունի առաջնորդողի դեր եւ առաքելութիւն, ջատագովը հանդիսանալու մեր հոգեւոր, բարոյական, ընկերային, մշակութային, ազգային արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն, իտէալներուն եւ խորհրդանիշներուն։ Աւելի՛ն, ան պատիւի եւ յարգանքի արժանի կը նկատէ հայ մամուլի մշակները, ըլլան անոնք խմբագիր, թղթակից, լրագրող կամ աշխատակից։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը յայտարարեց, թէ ընդառաջելով Վեհափառ Հայրապետի կոչին, մեր Թեմն ալ Հայ Մամուլին դերն ու արժանիքը վեր առնող նախաձեռնութիւններու պիտի դիմէ, յիշեցնելով, որ օր մը առաջ, «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ ստորագրած յօդուածով, վեր առած էր Հայ Մամուլին դերն ու կարեւորութիւնը՝ մեր պատմութեան ու ժամանակակից կեանքին մէջ։
Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ եկեղեցւոյ եկեղեցւոյ նախկին հովիւներէն՝ հոգելոյս Տ. Վաչէ Աւ. Քհնյ. Նագգաշեանի եւ երէցկնոջ՝ Լուսածինի հոգիներու խաղաղութեան համար։ Պատարագիչ Տէր Հայրը յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր ցաւակցութիւն յայտնեց հարազատներուն եւ յայտարարեց, թէ Տէր Հօր զաւակները, ի յիշատակ իրենց ծնողքին, եկեղեցւոյ նուիրած են սկիհ մը եւ գրակալ մը, որոնք նոյն օրը գործածուեցան Ս. Պատարագի պահուն։
ԲԱՑՈՒՄ ՏԷՐ ՀՕՐ ԵՒ ԵՐԷՑԿՆՈՋ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀՕՄ-Ի ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻՆ
Արարողութենէն ետք, ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ կից Հայ Կեդրոնը, ուր Առաջնորդ Սրբազանը բացումն ու օրհնութիւնը կատարեց ՀՕՄ-ի «Մայր» մասնաճիւղի երկրորդ գրասենեակին, նուիրուած հոգելոյս Տ. Վաչէ Աւ. Քհնյ. եւ Երէցկին Նագգաշեաններու յիշատակին։ Նոր սենեակին բարերարութիւնը յանձն առած են հոգելոյս Տէր Հօր զաւակները։
Բացման արարողութեան ներկայ էին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը, Ազգ. Վարչութեան, Հ.Յ.Դ. «Գարեգին Նժդեհ», ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ այլ միութեանց ու ժողովականութեան ներկայացուցիչներ։
Առաջնորդ Սրբազանը Հոգեւոր Հովիւին, վախճանեալ Տէր Հօր ընտանիքի անդամներուն եւ ՀՕՄ-ական ներկայացուցիչներու հետ կատարեց սենեակին ժապաւէնի հատումը։ Խօսք առաւ ՀՕՄ-ի «Մայր» մասնաճիւղի ատենապետուհի Տիկին Մայտա Շահինեան, որ գնահատանքով արտայայտուեցաւ հոգելոյս Տէր Հօր վաստակին, անոր զաւակներուն նուիրաբերումին մասին եւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ այս յարկին տակ ՀՕՄ-ի տարած աշխատանքներուն, մասնաւորելով շաբաթօրեայ դպրոցը։ ՀՕՄ-ի դպրոցի աշակերտներէն երկու հոգի մարմնաւորեցին գեղարուեստական բաժինը՝ ասմունքով եւ նուագով։
Օրհնութեան եւ գնահատանքի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը, որ անդրադարձաւ Տ. Վաչէի հետ տարիներու իր գործակցութեան ու մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին անոր բազմամեայ ծառայութեան, գնահատեց ՀՕՄ-ի ժողովրդանուէր ու հայրենաշէն ծառայութիւնները եւ դրուատեց Նագգաշեան եւ Տէր Ղազարեան ընտանիքներու անդամները՝ այս նուիրաբերումին համար։
Պաշտօնական բաժինէն ետք, ներկաները հիւրընկալուեցան ՀՕՄ-ին կողմէ։