«Տարեցներու Տարի» Հայրապետական Պատգամի Ընթերցում Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, 9 Փետրուար, 2014-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսի «Տարեցներու Տարի» Հայրապետական պատգամը ընթերցուեցաւ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:

Առաջնորդ Սրբազանը Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին հանդիսապետեց ու ներկայ հաւատացեալներուն փոխանցեց Հայրապետական պատգամը:

Առաջնորդ Սրբազանը Աստուծոյ գոհութիւն յայտնեց, որ շաբաթասկիզբին ապահով վերադարձաւ Լիբանանէն, ուր Անթիլիասի մէջ մասնակցած էր Ս. Աթոռոյս Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան, Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներու նիստերուն, եւ Սրբադասութեան յանձնախումբի ժողովին։ Ան նշեց, թէ Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ գումարուած ժողովներուն ընթացքին, յատուկ շեշտ դրուեցաւ Սուրիահայութեան զօրակցութեան առաջնահերթ հրամայականին վրայ:

Սրբազանը իր ուրախութիւնը յայտնեց, իր վերադարձէն ետք առաջին Կիրակին Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ համայնքին հետ ըլլալուն համար եւ ողջունեց ներկայ հաւատացեալները, որոնց մէջէն նաեւ յատկապէս շրջանի Հայ Տարեցներուն Միութեան անդամները եւ Ֆերահեան Ազգ. Վարժարանի հինգերորդ դասարանի աշակերտութիւնը:

EncinoGontag2Առաջնորդը ապա ընթերցեց Հայրապետական գիրը, ուր Վեհափառ Հայրապետը կը ներկայացնէ տարեցներուն տեղն ու դերը Աստուածաշունչին, Եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, անհրաժեշտօրէն կը յորդորէ զանոնք պատուել եւ հոգ տանիլ անոնց: Վեհափառ Հայրապետը կը շեշտէ, թէ Հին եւ թէ Նոր Կտակարաններուն մէջ տարեցները յատուկ տեղ գրաւած են Աստուծոյ փրկագործական ծրագրի իրականացման մէջ, թէ անոնք նկատուած էին խոհեմութեան, իմաստութեան, փորձառութեան եւ արդարամտութեան հոմանիշներ եւ հետեւաբար ստանձնած էին ղեկավարի պատասխանատուութիւններ: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ կը նշէ Եկեղեցւոյ Հայրերուն գրութիւններուն մէջ տարեցներու յատկացուցած կարեւոր տեղը, ներառելով տարեցներու յատուկ դերակատարութիւնը քրիստոնէական հաւատքի վկայութեան ու եկեղեցւոյ կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ: Արդարեւ, Վեհափառ Հայրապետը կոչ կ’ուղղէ բոլորիս պաշտպանելու, յարգելու, մտիկ ընելու եւ հոգ տանելու տարեցներուն:

Առաջնորդ Սրբազանը վերահաստատելով պատմութեան եւ ընկերութեան մէջ մեր տարեցներուն արժէքը, յայտարարեց թէ Առաջնորդարանը եւ բոլոր ծուխերը ամբողջ տարուան ընթացքին համապատասխան կերպով պիտի նշեն տարեց սերունդի տարին, ինչպէս կատարած էին անցնող տարի, Հայ Մօր տարուան առթիւ:

(“Year of the Elder” Pontifical Message)

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ