
Չորեքշաբթի, 13 Մայիս 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ ընդունեց քաղաքավարական այցելութիւնը լիբանանահայ հանրածանօթ երաժիշտ եւ երգահան Տիար Կի Մանուկեանի, որ այս օրերուն կը գտնուի Լոս Անճելըս, երաժշտական ծրագիրով:
Վաղեմի բարեկամները ջերմօրէն ողջունելէ ետք զիրար, մտերմօրէն զրուցեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր Լիբանանի առաջնորդութեան օրերու յիշատակներէն:
Այցելու հիւրը, որ նաեւ Լիբանանի Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Երկրդ. վարժարանի շրջանաւարտներէն է, Մանուկեան ընտանիքի անունով իրականացուցած է երաժշտական ազգօգուտ ծրագիրներ, Ազգային Առաջնորդարանի հետ գործակցաբար նախ Լիբանանի մէջ եւ Գեղամ Արքեպիսկոպոսի առաջնորդութեան օրերուն, ապա Միջին Արեւելեան երկիրներու եւ աշխարհի տարբեր ցամաքամասերէ ներս՝ իբրեւ հանրածանօթ երաժիշտ եւ երգահան:
Հանդիպման աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Կի Մանուկեան հայ մարդն ու երաժիշտը, օրհնեց զայն եւ բազում նոր յաջողութիւններ մաղթեց անոր:




