Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Գեղամ Արք. Բացման Աղօթք Կատարեց Եւ Գնահատեց ՀՕՄ-Ի Գործունէութիւնը՝ Հօմ-Ի Արեւմտ. Ամերիկայի Պատգ. Ժողովի Բացման Հանդիսութեան

By August 13, 2026No Comments

Ուրբաթ, 24 Յուլիս 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ներկայ գտնուեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի Աւետիսեան սրահ եւ բացման աղօթք կատարեց ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Պատգամաւորական երկօրեայ ժողովի բացման նիստին, ապա արտասանեց սրտի խօսք:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ ողջունեց աշխարհատարած ՀՕՄ-ի համահայկական կառոյցներն ու անդամները՝ իրենց ընտանիքներով, ապա վեր առաւ՝ աւելի քան մէկ դարեայ պատուաբեր կենսագրութեան տէր ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքի ազգային եւ պատմական դերակատարութիւնը՝ իբրեւ ազգի գուրգուրոտ մայր, խնամատար քոյր եւ հայրենեաց պաշտպան հայուհիներու նուիրեալ բանակ ու միութիւն:

Ողջունելէ ետք նաեւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջ. վարչութեան կազմն ու ժողովականները, Գեղամ Արք. դիտել տուաւ, որ հակառակ տարիներու թաւալքին, ՀՕՄ-ը միշտ աշխոյժ ու կայտառ՝ կ՛ընթանայ դէպի վերելք, ինչ որ վստահութիւն կը ներշնչէ ժողովուրդին՝ ՀՕՄ-ի գործունէութեան ու աշխատանքներուն նկատմամբ: «Եւ այս է պատճառը, որ համայն հայութիւնը խորունկ վստահութեամբ կը նայի ձեզի, իտէալական, կարգապահ եւ գործունեայ ՀՕՄ-ուհիներ», աւելցուց ան եւ իր խօսքը եզրափակեց՝ ըսելով, որ այս տուեալներու լոյսին տակ, ի զուր չէ, որ մեր ժողովուրդը միշտ սպասելիք ունի ՀՕՄ-էն, ապա յոյս յայտնեց, որ երկօրեայ ժողովը յաջողութեամբ կը լուծէ իր օրակարգերը եւ նոր ու ազգօգուտ, համագաղութային ծրագիրի մը սերմերը կը ցանէ ժողովականներուն հոգիին մէջ, որպէսզի, մօտիկ ապագային, ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձնէ ակնկառոյց սպասուած այդ ծրագիրը:

Close Menu

Categories