Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Նախագահեց Օրէնճ Քաունթիի Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան Վարժարանի Քառասնամեակի Ճաշկերոյթին – 1 Միլիոն 500 Հազար Տոլար՝ Վարժարանի Ընդարձակման Նպատակին

By November 25, 2026No Comments

Շաբաթ, 14 Նոյեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, նախագահեց եւ աւուր պատշաճի պատգամեց Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան ամէնօրեայ վարժարանի հիմնադրութեան 40-րդ տարեդարձին առիթով կազմակերպուած Կալա-ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ Ռիչըրտ Նիքսընի անուան (Richard Nixon Library) գրադարանի շքեղ սրահին մէջ, ներկայութեամբ եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի եւ Հոգաբարձութեան, Ազգ. Խնամակալ մարմինի ատենապետ՝ Տիար Սարգիս Ուրֆալեանի, յոբելեար վարժարանի մեծ ընտանիքի անդամներուն, շրջանի պատկան մարմինի, միութեանց ներկայացուցիչներու, բարեկամներու, բարերարներու եւ հիւրերու:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորելով Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան նախակրթարանի քառասնամեայ երթը՝ գնահատանքի խօսքեր հնչեցուց՝ ըսելով. «Այս երեկոյ մենք աւելին կը տօնենք, քան պարզապէս դպրոցի մը տարեդարձը: Մենք կը տօնենք տեսլական մը, որ վերածուեցաւ մնայուն հաստատութեան, հիմնուած այն համոզումին վրայ, որ մեր զաւակները արժանի են գերազանց կրթութեան՝ միաժամանակ կառչած մնալով հայ ազգի պատմութեան, հայրենիքին, լեզուին, մշակոյթին եւ քրիստոնէական հաւատքին ու ինքնութեան: Այսօր, մենք ականատես կ՛ըլլանք բուռ մը հայ մարդոց տեսլականին ու անոնց նուիրական աշխատանքի պտուղներուն, որովհետեւ, քառասուն տարիներու ընթացքին, Ազգային Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի դռներէն ներս մտած են աշակերտական սերունդներ եւ ստացած ոչ միայն գիտելիք, այլեւ գնահատականներ՝ իբրեւ գիտակից հայ-քրիստոնեայ զաւակներ, իրենց ազգին հոգեւոր ու ոգեղէն արժէքներու անաղարտ պահպանման, հայեցի ինքնութեան ու դաստիարակութեան համար»:

Շարունակելով իր խօսքը, Գեղամ Արքեպիսկոպոս աւելցուց. «Դպրոց մը կը կառուցուի դասարաններով ու գիրքերով, բայց անոր իրական հիմքը հաւատքը, նուիրումն ու համայնքն են: Հետեւաբար, այս տարեդարձը առիթ մըն է՝ մեր անկեղծ երախտագիտութիւնը յայտնելու բոլոր անոնց, որոնք իրենց նպաստը բերած են քառասնամեայ այս ուշագրաւ երթին», ապա, յաջորդաբար, ան գնահատեց Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի հիմնադիրներն ու ղեկավարները, տնօրէնութիւններն ու հոգաբարձութիւնները, ներկայ եւ նախկին անդամները Օրէնճ Քաունթիի ծխական համայնքի ու վարժարանի մեծ ընտանիքին, ներկայ տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու պաշտօնէութիւնը եւ նուիրեալ ծնողներուն ուղղելով իր խօսքը՝ ըսաւ. «Ձեր զաւակներուն համար հայկական վարժարան ընտրելը ներդրում մըն է, ոչ միայն անոնց կրթութեան, այլեւ մեր լեզուի, հաւատքի եւ ազգային ժառանգականութեան պահպանման մէջ»:

Քառասնամեայ հանգրուանը նկատելով ուշագրաւ առիթ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եզրափակեց իր խօսքը հետեւեալ բառերով. «Քառասուն տարուան հաւատք: Քառասուն տարուան կրթութիւն: Քառասուն տարուան ծառայութիւն: Թող ասիկա ըլլայ յառաջիկայ նոր տասնամեակներու նուաճումներու եւ տեսակ-տեսակ օրհնութիւններու նոր սկիզբ»:

Յայտնենք, որ պաշտօնական խօսքերէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր, իսկ ճաշկերոյթի ամբողջ տեւողութեան տեղի ունեցան լիաբուռն նուիրատուութիւններ, որոնց գումարը՝ 1,5 միլիոն տոլար, պիտի յատկացուի Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի ընդարձակման նպատակին: