Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Գոհաբանութեան Տօնին Ընդառաջ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Հայկական Վերակազդուրման Կեդրոն

By November 25, 2026No Comments

Չորեքշաբթի, 18 Նոյեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Մկրտիչ Աւ. Քհնյ. Քէշիշեանի եւ Բարշ. Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեանի, այցելեց Պըրպէնքի մէջ գործող Հայկական Վերակազդուրման կեդրոն, ուր կամաւորաբար առղջա-հոգեբանական ծառայութիւն կը մատուցուի՝ ծանր փորձութիւններու պատճառով առողջական եւ հոգեբանական խնդիրներ դիմագրաւող հայորդիներու, որպէսզի, ըստ կարելւոյն, ամէնէն արագ միջոցի մէջ անոնք վերագտնեն իրենց հոգեկան անդորրն ու առողջութիւնը եւ ապրին աստուածահաճոյ կեանք մը:

Առաջնորդ Սրբազան հայրը նախ ծանօթացաւ կեդրոնի բաժանմունքներուն եւ ծառայութիւն մատուցող 22 հայորդիներու, որոնք եւս, նախապէս ծանր փորձութիւններու առաջ կանգնած, ապա վերակազդուրուած են եւ ներկայիս իրենց կամքով բարի գործեր կը կատարեն կեդրոնէն ներս, դարձի ճամբու մէջ դնելով մոլորեալներն ու հոգեկան նեցուկ խնդրող կարիքաւորները:

Գոհաբանութեան տօնին առիթով, Առաջնորդ Սրբազան հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած եւ երախտագիտութեամբ խորհրդածեց տօնին իմաստին մասին, ապա խրատական ցոււցմունքներով տղոց ցոյց տուաւ հայ-քրիստոնեայ մարդուն ճշմարիտ ուղին, ինչպէս նաեւ՝ գնահատեց Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեանի տասնամեակներու ներդրումն ու դերակատարութիւնը, յատկապէս մոլորեալ եւ ընկճուած հոգիներու բուժման ու ապաշխարութեան ճամբով անոնց փրկութեան համար:

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր օրհնութիւններն ու աղօթական բարեմաղթութիւնները բաշխեց հոգեկան նորոգ ուժ ամբարած տղոց եւ իւրաքանչիւրին նուիրեց խաչ ու աղօթագիրք: