
Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ, Քարոզ Եւ «Աւագ Քահանայ»
Տիտղոսի Տուչութիւն՝ Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի
– Ճաշկերոյթ՝ Ի Պատիւ Եկեղեցւոյ Քառասնամեայ Երթին
Կիրակի 15 Նոյմբեր, 2026-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Գեղամ Ս. Արք․ Խաչերեան, Օրէնճ Քաունթիի Ս․ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ 40-ամեակին առիթով, Եպիսկոպոսական Ս. եւ անմահ Պատարագ մատուցեց եւ աւուր պատշաճի քարոզեց յոբելեար եկեղեցւոյ մէջ, նախ իր ուրախութիւնը յայտնելով, որ Օրէնճ Քաունթիի ծխական համայնքին հետ կը նշէ Ս․ Քառասնից Մանկանց Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 40-ամեակը, ապա աւելցնելով, որ այս յոբելեանը միայն եկեղեցւոյ մը տարեդարձը չէ, այլ՝ հաւատքի, զոհողութեան, նուիրումի ու ծառայութեան չորս տասնամեակներու կենդանի վկայութիւն է՝ սերունդներու միասնականութեան ու նուիրեալ աշխատանքին մասին, որոնք իբրեւ հայ-քրիստոնէական հոգեւոր ու բարոյական արժէքներ կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ:
«Այսօր երախտագիտութեամբ կը յիշենք մեր հիմնադիրներն ու բոլոր այն նուիրեալ անձերը, որոնց շնորհիւ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցին դարձաւ այս համայնքի հոգեւոր ու ազգային կեանքի կարեւոր կեդրոնը։ Հայ Առաք. եկեղեցին դարեր շարունակ եղած է մեր ժողովուրդին հաւատքի, ինքնութեան, մշակոյթի ու աւանդութիւններու պահպանման հիմնասիւնը։ Սփիւռքի մէջ անոր առաքելութիւնը առաւել եւս կարեւոր է, որովհետեւ եկեղեցին ո՛չ միայն աղօթքի եւ պաշտամունքի վայր է, այլեւ հոգեւոր տուն մը, ուր ընտանիքները կը համախմբուին, երիտասարդները կը դաստիարակուին եւ նոր սերունդները կը ծանօթանան իրենց քրիստոնէական հաւատքին ու ազգային ժառանգութեան։ Մեր պարտականութիւնն է՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր առաքելութեան կողքին զօրակցիլ նաեւ մեր դպրոցներուն, երիտասարդութեան, ընտանիքներուն եւ համայնքային կեանքին՝ պատրաստելով հաւատքով ամուր գոտակից ու պատասխանատու նոր սերունդներ», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան հայրը:
Ս․Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․Տ․Գարեգին Քհնյ․ Պետուրեան, նախկին հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Հրանդ Աւ․ Քհնյ․ Երէցեան, սարկաւագներ, դպիրներ եւ եկեղեցւոյ երգչախումբը։ Ներկայ էին Ազգային վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ տիկինը՝ Յասմիկ, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Լոս Անճելըսի անդամ՝ Տիար Կայծակ Զէյթլեան եւ Տիկինը՝ Ծովիկ, որ Ազգային վարչութեան անդամ է, եւ անդամ՝ Տիար Յովիկ Պետեւեան։ Հաւատացեալ հոծ բազմութեան շարքին էին նաեւ շրջանի քոյր միութիւններու ներկայացուցիչները, հիմնադիր ընտանիքներու անդամներ, բարերարներ, ազգային երեսփոխաններ եւ բարեկամներ։
Ս․ Պատարագի ընթացքին, «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ, Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ կոնդակը բերուեցաւ խորան, ուր Առաջնորդ Սրբազան հայրը զայն ընթերցեց, ապա Տէր Գարեգին Պետուրեանի շնորհեց Աւագ Քահանայի տիտղոս, որուն համար, Առաջնորդ Սրբազան հայրը խնդրամատոյց եղած էր Վեհափառ Հայրապետին, ինչպէս նշեց Գեղամ Արքեպիսկոպոս, այս առիթով Տէր Գարեգինին ուղղած շնորհաւորական իր խօսքերուն մէջ՝ գնահատելով Աւագութեան տիտղոսին արժանացած Հոգեւոր հովիւին նուիրումն ու հաւատացեալներուն մատուցած ծառայութիւնները եւ իր խօսքը եզրակացուց՝ բացատրելով Աւագ Քահանայի տիտղոսի իմաստն ու քահանայական կեանքի մէջ ստացուած երեք ատիճանները՝ Լանջախաչի, Ծաղկեայ փիլոնի տուչութիւն եւ Աւագութիւն։
Առաջնորդ Սրբազան հայրը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, Տիկնանց Միութեան, շրջանի համայնքային կազմակերպութիւններուն, բարերարներուն, նուիրատուներուն, հովանաւորներուն եւ բոլոր այն կամաւորներուն, որոնց աշխատանքն ու զոհողութիւնը նպաստ կը բերեն եկեղեցւոյ յառաջդիմութեան եւ պայծառութեան։ Ապա, յարգանքով եւ երախտագիտութեամբ յիշեց բոլոր այն հանգուցեալները՝ հիմնադիրները, նախկին հոգեւոր հովիւները, հոգաբարձուները, բարերարներն ու հաւատացեալները, որոնք իրենց կեանքէն բաժին մը նուիրեցին այս եկեղեցւոյ հաստատման ու զարգացման քառասնամեայ գործընթացին, ապա աղօթք բարձրացուց դէպի Ամենակալ Աստուած, որ օրհնէ Քառասնից Մանկանց եկեղեցին, Հոգեւոր հովիւը, Հոգաբարձութիւնը եւ բոլոր հաւատացեալները, որպէսզի անվհատ շարունակեն զօրացնել այս համայնքը՝ հաւատքի, սիրոյ եւ ծառայութեան ոգիով՝ իր խօսքը եզրակացնելով այսպէս. «Թող այս եկեղեցին կերտողներուն ժառանգութիւնը ներշնչանքի աղբիւր դառնայ այսօրուան ծառայողներուն համար, եւ թող գալիք սերունդները նոյն սիրով, հաւատքով ու նուիրումով շարունակեն վառ պահել այս սուրբ օճախի ջահը»։
Իր կարգին, Տէր Գարեգին երախտիքի խօսքեր արտասանեց՝ ուղղուած Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին, Առաջնորդ Սրբազան հօր եւ շրջանի հայ զաւակներուն ու նորոգեց իր յանձնառութիւնը՝ առաւել թափով եւ հաւատարմութեամբ ծառայելու՝ Հայ Եկեղեցւոյ Կիլիկիոյ Ս․Աթոռին միջոցով Արեւմտեան Թեմին։
Հուսկ, Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ եկեղեցւոյ ննջեցեալ հիմնադիրներուն, բարարերներուն ու հոգաբարձական անդամներու հոգւոց խաղաղութեան համար եւ հնչեցին «Կիլիկիա» եւ «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգները:
Ս. Պատարագէն ետք, առաջնորդական թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ «Ղուկասեան» սրահ, ուր հովանաւորութեամբ եկեղեցւոյ բարերար Տէր եւ Տիկին Ժուլիան եւ Ալին Մովսէսեանի եւ կազմակերպութեամբ Տիկնանց միութեան, տեղի ունեցաւ տօնախմբական ճաշկերոյթ, ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան անդամներու, եկեղեցւոյ եւ սրահի հիմնադիր Ղուկասեան եւ Քէօլեան ընտանիքներու, շրջանի մէջ գործող միութիւններ, պատասխանատու անձինք, եկեղեցւոյ մարմիններ, հայ եւ օտար հիւրեր, Լոս Անճելըսի Քեսապի Ուսումնասիրաց միութեան ներկայացուցիչներ եւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամներ։
Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 40-ամեակն ու Հոգեւոր հովինին Աւագութեան տիտղոս շնորհումը լաւագոյն առիթ հանդիսացաւ ծխական շրջանի աւելի քան 350 հայորդիներու համախմբման: Ճաշկերոյթի ընթացքին խօսք առին եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Միհրան Միհրանեան, Տիկնանց միութեան ատենապետուհի՝ Տիկին Քնար Քէրքէսէրեան եւ եկեղեցւոյ Առաջին հովիւ՝ Տէր Աշոտ Աւ․ Քահանայ Գոչեանի դուստրը՝ Տիկին Էլիզապէթ Տաղլեան։ Մեղեդի եւ Նարէ Պետուրեաններ ասմունքեցին Վահան թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» քերթուածը։ Աւարտին, Տէր Գարեգին Աւ. Քհնյ. Պետուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան հօր, Օրէնճ Քաունթիի ծխական շրջանի նկատմամբ իր ցուցաբերած հայրական խնամքին ու հոգատարութեան համար, ինչպէս նաեւ բարերարներուն՝ եկեղեցւոյ հանդէպ իրենց բերած բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան համար եւ հաւատացեալ ժողովուրդին՝ իր մնայուն ներկայութեան, աղօթքներուն ու կամաւոր առաքելութեան համար։ Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան հայրը օրհնութեան խօսք ուղղեց ներկաներուն, ապա եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն հետ միատեղ հատեց Հոգեւոր տան 40-ամեակի կարկանդակը։
Յայտնենք, որ Նոյեմբեր 14 եւ 15 թուականները պատմական օրեր եղան Օրէնճ Քաունթիի Ս․ Քառանից Մանկանց Եկեղեցւոյ համայնքին համար։ Արդարեւ, ծխական շրջանը տօնախմբական օրեր ապրեցաւ՝ Շաբաթ 14 Նոյեմբերին նշելով Ս․ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային Վարժարանի 40-ամեայ յոբելեանը (որուն կ՛անդրադառնանք առանձին լուրով), իսկ Կիրակի՝ 15 Նոյեմբերին, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կառուցման 40-րդ տարեդարձը:











































