Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Սրբոց Հրեշտակապետաց Տօնին Առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հանդիսապետեց Եւ Քարոզեց Լա Քրեսենթայի Ս. Հրեշտակապետաց Եկեղեցւոյ Մէջ

By November 13, 2026No Comments

Կիրակի, 8 Նոյեմբեր 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, հանդիսապետեց Լա Քրեսենթայի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ Ս. եւ անմահ Պատարագին եւ քարոզեց՝ վեր առնելով Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ ոգեկոչուող Ս. Հրեշտակապետաց տօնը, որ նուիրուած է Ս. Միքայէլ եւ Ս. Գաբրիէլ հրեշտակապետներուն եւ երկնային բոլոր զօրութիւններուն:

Իր պատգամին մէջ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս դիտել տուաւ, որ տօնը հրաւէր մըն է ուղղուած մարդկութեան, որ իրենց կեանքին մէջ յաճախ նաեւ իրենց նայուածքները ուղղեն երկինք եւ հիանան Աստուծոյ անմարմին ստեղծագործութիւններով, երկնային հրեշտակներով եւ անոնց զանազան դասակարգերով, սերովբէներու եւ քերովբեներու բանակներով, որոնք Աստուծոյ ծառայութեան մէջ են, ունին իրենց յատուկ պարտաւորութիւնները եւ մաս կը կազմեն երկնային զօրութեանց:

Խօսելով երկնային երկու հրեշտակապետերու՝ Ս. Միքայէլի եւ Ս. Գաբրիէլի մասին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը ընդգծեց, որ այս տօնը նուիրուած է անոնց յիշատակին. «Միքայէլ Հրեշտակապետը կը նկատուի չար ուժերու դէմ պայքարող զօրութեանց պետ, իսկ Գաբրիէլ հրեշտակապետը՝ Աստուծոյ պատգամաբերը», ըսաւ ան եւ Աստուածաշունչէն օրինակներով բացատրեց երկու հրեշտակապետերուն գործունէութիւնը, ապա խորհրդածութիւնները ամփոփեց՝ ըսելով, որ մարդկութիւնը եւս, Միքայէլ հրեշտակապետին նման պէտք է պայքարի բոլոր տեսակի չար մտածումներու, զգացումներու եւ սատանայէն դրդուած արարքներու դէմ եւ ինքնզինք հեռու պահէ մեղքէն, իսկ միւս կողմէ՝ պէտք է ընդունի եւ գործադրէ Գաբրիէլ հրեշտակապետի պէս՝ Աստուծոյ պատուէրներն ու մարդկութեան շնորհուած աստուածային պատուիրանները՝ միշտ խնդրելով երկնային ուժերու բարեխօսութիւնն ու պահպանութիւնը ընտանիքներու, համայնքներու, ազգի ու հայրենեաց, միաժամանակ, իւրաքանչիւր մարդու համար խնդրելով հոգիի խաղաղութիւն, զօրութիւն եւ լուսաւորութիւն:

Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Հրանդ Աւ. Քհնյ. երէցեան, իսկ Ս. Խորանին սպասարկեցին սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգչախումբը:

Յետ արարողութեան, եկեղեցւոյ տօնին առիթով, շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն մասնակից դարձան բոլոր հաւատացեալները: Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան հայրը նախագահեց եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան կողմէ կազմակերպուած Սիրոյ սեղանին, որուն ընթացքին Գեղամ Արքեպիսկոպոս վերանայեցաւ եկեղեցւոյ աշխատանքները եւ կատարեց առաջնորդական ցուցմունք ու յորդոր: