Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Կլենտէյլի Մէջ Ազգ. Երկրդ. Վարժարան Հիմնելու Տարիներու Երազին Ընդառաջ՝ Տէր Եւ Տիկին Ալեքս Եւ Լինա Մկրտիչեաններ 9.6 Միլիոն Տոլարի Իշխանական Նուիրատուութիւն Կատարեցին Ազգային Առաջնորդարանին

By November 10, 2026No Comments

Ուրբաթ, 6 Նոյեմբեր 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, իր կողքին ունենալով Ազգային վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ ատենադպրուհի Տիկին Էլիզապէթ Պօյաճեան, Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Տէր եւ Տիկին իրաւաբան Ալեքս եւ Լինա Մկրտիչեաններու, ներկայութեամբ Արեւմտեան Թեմի ազգային Վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ատենապետ՝ Տիար Սարգիս Ուրֆալեանի եւ անդամ՝ Տիկին Ազիթա Եագուպեանի, Ազգ. Շամլեան վարժարանի տնօրէնուհի՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի եւ վարժարանի Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ՝ Տիար Արթին Ղազարեանի:

Առաջնորդ Սրբազան հայրը ուրախութեամբ ողջունեց այցելութիւնը երիտասարդ նուիրատու զոյգին՝ Տէր եւ Տիկին Ալեքս եւ Լինա Մկրտիչեաններուն, որոնք յայտնեցին իրենց պատրաստակամութիւնը՝ Կլենտէյլի մէջ առաջին ազգային երկրորդական վարժարանի հիմնադրութիւնը ստանձնելու եւ թէ այս նպատակին համար Ազգային Առաջնորդարանին կը նուիրեն 9.6 միլիոն տոլար:

Առաջնորդ Սրբազան հայրը երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ մեծարգոյ հիւրերուն այսպիսի աննախընթաց եւ առատաձեռն նուիրատուութեան, լուսարձակի տակ առաւ նուիրատու ամոլին Ազգ. Շամլեան վարժարանի մէջ ծնողք ըլլալու հանգամանքը՝ շեշտելով որ՝ «իշխանական այս նուիրատուութիւնը աստուածահաճոյ արարք է եւ ազգային Շամլեան վարժարանի աշակերտներն ու իրենց ծնողները մեծապէս ուրախացնող ծափահարելի ոստում, դէպի տասնամեակներու երազանքի իրականացում», պարզելով իր միտքը, նաեւ յանուն Ազգ. Վարչութեան, ուրախութեամբ արձանագրեց, որ յետ այսու, Ազգ. Շամլեան վարժարանի միջնակարգը աւարտող աշակերտներ ոսկեայ առիթը պիտի ունենան իրենց երկրորդական ուսումը շարունակելու Կլենտէյլի առաջին ազգային երկրորդական վարժարանին մէջ՝ բացատրելով, որ նման կրթօճախի մը կարիքը թէեւ վաղուց ի վեր զգացած էին Արեւմտեան Թեմի բոլոր Առաջնորդ Սրբազանները, իրարայաջորդ Ազգ. Վարչութիւնները, Ազգ. Խնամակալ Մարմիններն ու շրջանի հայութիւնը, սակայն, միայն ներկայիս է, որ տասնամեակներու երազանքը իրականութեան վերածուեցաւ եւ շօշափելի տեսք ստացաւ, շնորհիւ նուիրատու ծնողք Տէր եւ Տիկին Ալեքս եւ Լինա Մկրտիչեաններուն:

Շարունակելով խօսքը, նաեւ նշեց, որ Մկրտիչեան ամոլը իր մեծագումար նուիրատուութեամբ յանձնառութիւն կը վերցնէ՝ նշեալ գումարով Կլենտէյլի մէջ յարմարագոյն հողային տարածք մը կանխիկ գնելու եւ զայն Ազգ. Առաջնորդարանի հովանիին տակ դնելու՝ իբրեւ շրջանի հայութեան Ազգ. Երկրդ. նոր վարժարան, որ պիտի կրէ զոյգին անունը եւ կոչուի՝ Կլենտէյլի Ազգ. Ալեքս եւ Լինա Մկրտիչեան երկրորդ. վարժարան, յօգուտ շրջանի զաւակներու հայեցի եւ ազգային կրթութեան ամբողջացման՝ որպէս Ազգային Շամլեան վարժարանի բնական շարունակութիւնը, ապա խօսքը ուղղելով տնօրէնուհի Քարկոտորեանի եւ Ատենապետ Ղազարեանի, Առաջնորդ Սրբազան հայրը դրուատանքով արտայայտուեցաւ անոնց մասնագիտական պրպտումներուն եւ տարուած աշխատանքին, «որոնք այսօր տուին իրենց ողջունելի արդիւնքը, շնորհիւ ձեր հետեւողականութեան ու գործին նկատմամբ ունեցած հաւատքին», ըսաւ ան:

Այս առիթով նաեւ Ազգ. վարչութեան, Խնամակալ մարմինի եւ Շամլեան վարժարանի պատասխանատուներուն կողմէ հնչեցին գնահատանքի խօսքեր՝ լիաբուռն նուիրատուութիւն կատարած մեծարգոյ Ալեքս եւ Լինա Մկրտիչեաններու պատմական վիթխարի այս քայլին մասին, որով անոնք ոչ միայն ապահոված եղան իրենց զաւակներուն հայեցի ու ազգային երկրորդական կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւնը, այլեւ շրջանին մէջ Ազգ. երկրդ. վարժարանի մը հիմնումով, մեծ թիւով շրջանաւարտներու ծնողներ փրկած եղան տարիներու մտալլկիչ մտահոգութենէ մը, որուն միակ լուծումը՝ նման նոր Ազգ. երկրդ. վարժարանի մը հիմնումը նկատուած էր շատ տարիներէ ի վեր, շեշտեցին բոլոր խօսողները:

Իր հիացումն ու շնորհակալութիւնը յայտնելէ ետք՝ իշխանական նուիրատուութեամբ Կլենտէյլի հայ կրթական կեանքին մէջ բարգաւաճման նոր երակ ներարկող Մկրտիչեան զոյգին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը ազնուական եւ իշխանավայել նախաձեռնութեան տէր իրաւաբան Տիար Ալեքս Մկրտիչեանի կուրծքը զարդարեց Արեւմտեան Թեմի «Կիլիկեան արծիւ» զարդասեղով՝ «իբրեւ նախատօնակ պատմակերտ այս մեծ յաղթանակին, որ կլենտէլահայութեան կեանքէն ներս դուք այսօր արձանագրեցիք», ըսելով:

Արեւմտեան Թեմի կեանքէն ներս նորանոր յաջողութիւններ եւ յաղթանակներ արձանագրելու ուրախալից մաղթանքներու աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը օրհնաբեր սկիզբ մաղթեց ներկաներուն, ապա հնչեցուց օրհնութեան աղօթք՝ ի սրտէ փառք տալով Երկնաւոր Հօր՝արձանագրուած այս մեծ յառաջդիմութեան համար, նաեւ խնդրեց Անոր զօրութիւնը՝ Արեւմտեան Թեմի ազգօգուտ եւ եկեղեցասէր բոլոր ծրագիրներու յաջողութեան եւ շրջանի հայ կեանքի առաւել բարգաւաճման համար: