
Ուրբաթ, 14 Նոյեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ներկայ եղաւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան օրուան տօնակատարութեան, որ աւանդական դարձած ամէնամեայ տօն է, կազմակերպուած՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական եւ մարզական զոյգ թեւերու յառաջդիմութիւնն ու կենսունակութիւնը ոգեկոչելու նպատակով:
Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Պըրպէնքի «Տիլաքս» ճաշարանին մէջ, ուր սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Գեղամ Արքեպիսկոպոս եւ այս առիթով արտասանեց սրտի խօսք, համաշխարհային արժէք ներկայացնող Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքի անդամներուն եւ ծովածաւալ գործունէութեան մասին իր հիացումն ու գնահատանքը փոխանցելով ներկաներուն:
Առաջնորդ Սրբազան հայրը կարեւորութեամբ ընդգծեց աշխարհատարած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի աւելի քան հարիւրամեայ գործունէութեան բերած բարոյահոգեբանական նպաստը, յատկապէս յետ-եղեռնեան հայ սերունդներու ազգային կեանքի ձեւաւորման մէջ, ապա շեշտեց միասնականութեան ոգիի ստեղծման ու ամրապնդման կարեւորութիւնը՝ ցամաքամասէ ցամաքամաս եւ երկրէ երկիր սփռուած հայութեան կեանքին մէջ՝ դիտել տալով, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը սոսկական միութիւն չէ, այլ հայ-քրիստոնեայ մարդուն ազգային դաստիարակութեան հիմնաքարերէն մէկը՝ նկարագիր կոփող, հայ մարդը մանկութենէն մինչեւ չափահասութիւն ազգային եւ հայրենասիրական ոգիով ձեւաւորող իւրայատուկ դարբնոց:
Խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր հայրական օրհնանքը ձօնեց տեղւոյն եւ աշխարհի բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներուն եւ բոլորին մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ ու ծառայական անսպառ կորով:











