
Կիրակի, 2 Օգոստոս 2026-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, նախագահեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. եւ անմահ Պատարագին եւ յընթացս արարողութեան, աւուր պատշաճի քարոզեց՝ հոգեւոր սնունդ մատուցելով եկեղեցին լեցուցած հաւատացեալներուն, որոնց շարքին էր նաեւ Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Տիար Ճէք Հաճինեան: Ս. Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Յարութիւն Քհնյ. Կարապետեան, որ նաեւ պատարագիչն էր, սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգչախումբը:
Յընթացս արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը քարոզեց՝ բնաբան ընտրելով Աստուածաշունչի Յովհաննէս երրորդ գլուխին 6-րդ համարը, ուր նշուած է, թէ՝ «Աստուած այնքա՛ն սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ»:
Աստուածաշնչեան այս համարին մասին խորհրդածելով՝ Գեղամ Արքեպիսկոպոս հասկնալի բացատրութեամբ անդրադարձաւ Աստուծոյ փրկագործական ծրագիրին, որուն էական դերակատարն ու միջոցը Յիսուս Քրիստոսն է ըսելով, ապա դիտել տուաւ, որ Աստուած մարդուն նկատմամբ իր անմնացորդ սէրէն մեկնած՝ մարդուն փրկութիւն շնորհեց եւ իր Միածինը կեանքի Տէր ու Առաջնորդ ընդունիլը նկատեց առաջին պայման: Այս մասին յաւելեալ բացատրութիւն տալէ ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ շեշտեց, որ միայն Քրիստոսի հետեւորդ ըլլալը, Զայն մեր կեանքին լոյսը դաւանիլը («Ե՛ս եմ աշխարհի լոյսը: Ով որ ինծի կը հետեւի՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ունենայ այն լոյսը որ կեանքին կ՛առաջնորդէ»: Յովհ. 8.12) բաւարար չէ քրիստոնեայ մարդուն համար, այլ՝ անհրաժեշտ է, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ մարդ իր ապրած կեանքով արտացոլացնէ Յիսուս Քրիստոսի վարդապետութիւնը եւ իր կեանքը ապրի Անոր սորվեցուցածին պէս:
Յետ արարողութեան, եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Սիրոյ սեղան ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ այս առիթով գնահատեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, Հոգեւոր հովիւը, մարմիններն ու անհատները եւ բոլորին մաղթեց հաւատքի մէջ անսասանութիւն, աստուածահաճոյ աշխատանքին մէջ յարատեւութիւն, առողջութիւն եւ խաղաղութիւն:
Յայտնենք նաեւ, որ նոյն օրը Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ աշխատանքային հանդիպում ունեցաւ երիտասարդ Քահանայ Հօր եւ հոգաբարձական կազմի անդամներուն հետ, շնորհաւորեց զիրենք՝ շրջանի հաւատացեալ բազմութիւնը եկեղեցիով խանդավառ պահելու իրենց ճիգին մէջ, ապա, անոնց հետ միատեղ խորհրդածեց Մոնթեպելլոյի գաղութը առաւել եւս աշխուժացնելու եւ ամէն տարիքի հայեր Արեւմտեան Թեմի հոգեւոր եւ ազգային կեանքին կապելու նոր ծրագիրներու եւ աշխատանքներու մասին:


