
Չորեքշաբթի, 17 Յունիս 2026-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, գնահատելով անցնող մէկ ամսուան ընթացքին Գալիֆորնիոյ Ազգային բոլոր վարժարաններու 2025-2026 տարեշրջանի ամավերջի հանդիսութիւնները, զանոնք նկատեց անսակարկելի վկայութիւնը այն գիտակից յանձնառութեան, որով Արեւմտեան Թեմը կը ցուցաբերէ այս համայնքի հիմնադիր սերունդի փառահեղ տեսլականին նկատմամբ: Մանրամասնելով իր խօսքը՝ Գեղամ Արքեպիսկոպոս աւելցուց.
«Փառահեղ տեսիլքի մը եւ տեսլահար, նուիրեալ ու բարերար հայորդիներու աշխատանքի՛ն արդիւնք է մեր ներկայ կեանքը, ի մասնաւորի 2025-2026 տարեշրջանի Ազգային վարժարաններու բոլոր բաժանմունքներուն ամավերջի փառահեղ հանդիսութիւնները, որոնք, անցեալ շաբաթներուն, լաւագոյնս ցոլացուցին մեր համայնքային կեանքի ազգային նկարագիրն ու կենսունակութիւնը»: Իր խօսքը աւելի եւս մանրամասնելով, Սրբազան Հայրը նշեց, որ յատկապէս այս առումով պէտք է ընդգծել անսակարկ կարեւորութիւնը Ազգային վարժարաններուն, որոնք տարուէ տարի նոր նուաճումներ արձանագրելով ո՛չ միայն կ՛ընդարձակուին իբրեւ տարածք, այլեւ կ՛արձագրեն թիւի ու որակի բարձրացում՝ անդադար ձգտելով կատարեալին ու ամբողջականին: Շարունակելով իր խորհրդածութիւնները, ան ըսաւ.
«Ուրախութեամբ կը համակուինք, երբ կը տեսնենք թէ ինչպիսի՛ հաւատարմութեամբ մեր նոր սերունդի աշակերտները կը շարունակեն իրենց ծնողներուն, մեծ ծնողներուն եւ այս գաղութի հիմնարար սերունդներու հայ-քրիստոնէական շունչով տոգորուած կտակը, որ ինքնին մեր համայնքային կեանքի հոգեկերտուածքային փարոսն է: Փարոս մը, որ հեռուէն, անցեալէն, մեր պատմութենէն, մշակոյթէն ու ազգային աւանդութիւններէն ձեւաւորուած է եւ մինչեւ օրս, սերունդէ-սերունդ փոխանցուելով հասած է մեզի՝ եկեղեցի-դպրոց-համայնք եռանկիւնի ձեւի տակ: Եւ այսօր, ամավերջի հանդիսութիւններու այս փառահեղ օրերուն, սփիւռքեան մեր ազգային կենսաձեւին հաւատարիմ՝ հայ ներկայ սերունդի մեր աշակերտներն են, որ իրենց յաջողութիւններով, արձանագրած կրթական յառաջդիմութեամբ եւ մշակութային յանձնառութեամբ մեր բոլորիս սրտերը կը լեցնեն ազգային անկրկնելի հպարտութեամբ: Այս առումով յատկապէս, սրտանց կը շնորհաւորենք մեր վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, տնօրէնները, Ուսումնական մարմինները, ուսուցիչները, պաշտօնէութիւնը, մեր սիրասուն շրջանաւարտները՝ Մանկամսուր-մանկապարտէզ, Միջնակարգ եւ Երկրոդական կարգի, ու մանաւանդ՝ մեր ծնողներն ու մեծ ծնողները, որոնք բազում դժուարութիւն ու զոհողութիւն աչք առած՝ հայկական վարժարան կը ղրկեն իրենց սրտի հատորները, հայ դեռատի տղան ու աղջիկը հայօրէ՛ն մեծցնել-դաստիրակելու համար: Բոլորին վարձքը կատա՛ր:
Յայտնենք, որ Ազգային Առաջնորդարանի հայկական վարժարաններու այս տարեշրջանի ամավերջի հանդիսութիւնները յաջողութեամբ պսակուեցան Ուրբաթ, 15 Մայիսէն մինչեւ Կիրակի, 14 Յունիս: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Ազգ. վարչութեան անդամներ, ըստ կարելւոյն, ներկայ եղան հանդիսութեանց:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յաջորդաբար նախագահեց եւ ձեռամբ վկայականներ բաշխեց մատղաշ ու պատանի շրջանաւարտ աշակերտներուն, ապա իր խօսքին մէջ բարձր գնահատելով Հայ Դպրոցի նուիրեալ անձնակազմերը, տնօրէնութիւնը, ուսուցիչները, ծնողները, մեծ ծնողները, բարերարներն ու համայնքի բոլոր զաւակները՝ հայրական իր ջերմ մաղթանքներն ու շնորհաւորանքները բաշխեց բոլորին, հետեւեալ յաջորդականութեամբ.
Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան Երկրդ. վարժարանի աւարտական կարգի հանդէս , Շաբաթ, 30 Մայիս 2026, ժամը 3:30, եկեղեցական համալիրի Աւետիսեան սրահ:
Մոնթեպելլոյի Ազգ. Մեսրոպեան Երկրդ. վարժարանի 12-րդ կարգի հանդէս, Կիրակի, 7
Յունիս 2026, ժամը 10:00, վարժարանի մարզահամալիր:
Կլենտէյլի Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Մանկամսուրի հանդէս, Կիրակի, 7 Յունիս 2026, ժամը 5:00, Կլենտէյլ Հայ Սքուլի սրահ:
Քրեսենթա Հովիտի Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան Ազգ. Միջն. վարժարանի 8-րդ կարգի հանդէս, Շաբաթ, 13 Յունիս 2026, ժամը 2:30, Կլենտէյլ Հայ Սքուլի սրահ:
Փասատինայի Ազգ. Լ. եւ Յ. Թաւլեան Մանկապարտէզի հանդէս, Շաբաթ, 13 Յունիս 2026, ժամը 4:00, Փասատինայի Հայ Նազովրեցի եկեղեցւոյ սրահ:
Հոլիվուտի Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Երկրդ. վարժարանի 12-րդ կարգի ամավերջի հանդէս, Կիրակի 14 Յունիս 2026-ի յետմիջօրէի ժամը 4-ին, վարժարանի մարզահամալիր:



































