
Կիրակի, 7 Յունիս 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, հանդիսապետեց եւ քարոզեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, Ս. եւ անմահ Պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, Ս. խորանին սպասարկեցին սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգչախումբը: Արարողութեան ներկայ եղան Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Արք. Տօնոյեան, ազգայիններ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:
Իր քարոզին մէջ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս վեր առաւ պատմական դրուագներու շարանը հեթանոս Հայաստանի Տրդատ թագաւորի արքունական քարտուղար Գրիգորի, որ քրիստոնէութիւնը ընդունած՝ Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդ ըլլալուն պատճառով թագաւորի հրամանով նետուեցաւ խոր վիրապ, ապա, տարիներ ետք դուրս ելաւ հոնկէ աւելի ամրապնդուած իր հաւատքին մէջ եւ շնորհիւ իր լուսաւոր հաւատքին բժշկեց Հռիփսիմեանց կոյսերու սպանութիւնը իրագործած եւ իր մտային ու հոգեկան խաղաղութիւնը կորսնցուցած Տրդատ թագաւորը, որուն հրամանով ալ առանձնաշնորհուն ստացաւ Հայաստան եւ հսկայ Հռոմէն շատ առաջ դարձաւ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը, 301 թուականին:
Պատումին դրուագները մանրամասն բացատրելով՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկաներուն ցոյց տուաւ դէպքերու շարայարութիւնն ու պատճառահետեւանքային կապը, իր խորհրդածութիւնները հասցնելով դէպի աշխարհի առաջին քրիստոնեայ՝ Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ կառուցում, որ դարձեալ առանձնաշնորհում մը կը սեպուի, որովհետեւ հիմքը երկինքէն առաքուած է, ըստ Հայաստանի առաջին կաթողիկոս՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի այն երազին, ըստ որուն երկնային հրեշտակը ոսկեայ մուրճով սահմանեց Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ տարածքը, ուր եւ մինչեւ օրս կանգուն կը մնայ հայոց աստուածատուր եկեղեցին, կանգնած՝ համարձակ եւ հաստատուն եւ աշխարհի բոլոր մարդոց համար տեսանելի նոյնիսկ այն դարէն սկսեալ, երբ քրիստոնէութիւնը գաղտնի կը կիրարկուէր զանազան երկիրներու մէջ:
«Հայը պէտք է հաւաքաբար ապրի, կառչած իր դարաւոր աւանդութեանց եւ բարոյական արժէքներուն, որոնց լաւագոյն ցուցանիշը Հայոց Եկեղեցին է, որ կը կազմէ հիմքը մեր ազգի գոյութեան, հաւատքին եւ յետ մահու յաւիտենական նոր կեանք ունենալու Յիսուս Քրիստոսով լուսաւորուած ըլլալու մեծագոյն առանձնաշնորհումին», դիտել տուաւ Առաջնորդ Սրբազանը եւ այս առիթով շնորհաւորեց նորոգ փայլով պայծառացած Ս. Նահատակաց եկեղեցին, յուշելով ներկաներուն, որ մեր ժողովուրդը, աշխարհի բոլոր անկիւններուն եւ մինչեւ օրս, իր անհատական բնակարանէն առաջ իր ազգի եկեղեցին է, որ կը կառուցէ եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Աստուծոյ տաճարի վերանորոգման, ինչ որ աստուածահաճոյ արարք է:
Ուրախութիւն յայտնելով առաւել գեղեցկացած եկեղեցւոյ գծով, Գեղամ Արքեպիսկոպոս շնորհաւորեց Հոգաբարձութիւնն ու եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամները, բարերարներն ու ծառայողները, ապա օրհնեց ներկաները եւ մաղթեց, որ շարականին ըսածին պէս, Ս. Լուսաւորիչի հաւատքը միշտ արծարծուն մնայ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, գալիք բոլոր դարերուն եւս, որպէսզի ազգը մնայ կանգուն եւ ապրի յաւիտեան:
Յետ արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ սրահ եւ նախագահեց ի պատիւ իրեն կազմակերպուած Սիրոյ սեղանին, որուն մասնակից դարձան Թորգոմ Արք. Տօնոյեան, Տ. Ռազմիկ Խաչատուրեան, Հոգաբարձութեան ատենապետն ու անդամներ եւ շրջանի գործող մարմիններու ներկայացուցիչներ:




