
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագ Մատոյց, Քարոզեց Եւ Խաղողօրհնէք Կատարեց Ֆրեզնոյի Հայկական Ծերանոցի Շրջափակին Մէջ
Կիրակի, 9 Օգոստոս 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ֆրեզնոյի հայ համայնքին տուած երկօրեայ այցելութեան ծիրէն ներս կատարեց Ս. եւ անմահ Պատարագ, քարոզեց եւ խաղողօրհնէք կատարեց շրջանի հայկական ծերանոցի (Armenian Home) շրջափակին մէջ, ուր Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Հովիւն ու Հոգաբարձութիւնը կազմակերպած էին աւանդական երկօրեայ Խաղողօրհնէքի դաշտագնացութիւն՝ նուիրուած Ս. Աստուածածնայ տօնին:
Շրջափակին մէջ տեղադրուած Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Աշոտ Վրդ. Խաչատուրեան, Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Բարշ. Մարք Սրկ. Շիրին, սարկաւագներ եւ դպիրներ, որոնք Գեղամ Արքեպիսկոպոսի առաջնորդութեամբ, հոգեւոր շարականներու իմաստուն խորհուրդով լեցուցին հաւատացեալ հոծ բազմութեան սրտերը:
Ս. արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց խաղողօրհնէք եւ քարոզեց՝ Ս. Աստուածածնայ տօնն ու խաղողօրհնէքի ժողովրդային աւանդական խորհուրդը ագուցելով իրարու: Ան նշեց, որ դարաւոր հայ ժողովուրդը կեանքի հիւթ նկատած է խաղողը, որ կենսաբեր է եւ կենդանութիւն կը խորհրդանշէ եւ այս առումով բացատրեց, որ Ս. Կոյս Մարիամ իր կարգին դարձաւ անօթ Աստուծոյ փրկագործական ծրագրին մէջ, երբ ծնունդ տուաւ Յիսուս Քրիստոսի, աշխարհի ու մարդկութեան Գերագոյն Փրկիչին եւ իբրեւ Աստուածամայր ստանձնեց բարեխօսական առաքելութիւն՝ համայն մարդկութեան եւ Յիսուս Քրիստոսի միջեւ:
Յետ Ս. Պատարագի, նոյն շրջափակին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ սեղանակիցը եղաւ արարողութեան մասնակից հայորդիներուն եւ իր հովուական մաղթանքներն ու օրհնութիւնները բաշխեց բոլորին այնպէս, ինչպէս օր մը առաջ՝ Շաբաթ 8 Օգոստոսի յետմիջօրէին, երբ նոր հասած էր Ֆրեզնօ եւ հայկական ծերանոցի նոյն շրջափակին մէջ դիմաւորուած ֆրեզնոյահայութեան կողմէ, ապա առաջնորդական իր ջերմ խօքն ու գնահատանքը փոխանցած բոլորին: Գեղամ Արքեպիսկոպոս նաեւ յատուկ հանդիպում-զրոյց ունեցաւ Ծերանոցի տնօրինուհի՝ Լուսի Գազանճեան-Կրէյսընի հետ։
Յայտնենք, որ Երկուշաբթի, 11 Օգոստոսի առաւօտեան, Գեղամ Արքեպիսկոպոս հովուական այցելութիւն տուաւ Ազգային բարերարուհի Տիկին Անոյշ Շամլեանի, իր բնակարանին մէջ, ուր հաւաքուած էին նաեւ հարազատներ: Տ. Աշոտ Վրդ. Խաչատուրեան կատարեց աղօթք, ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գնահատական խօսքերով եւ հայրական օրհնութիւններով ամենայն բարիք եւ ապահով կեցութիւն մաղթեց ազնուափայլ Տիկին Անոյշին, դստեր եւ ընտանեկան պարագաներուն, իսկ կէսօրին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աշխատանքային հանդիպում ունեցաւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգաբարձական կազմին հետ, ծանօթացաւ համայնքի կեանքէն ներս կատարուած աշխատանքներուն, կատարեց ցուցմունքներ եւ վերադարձաւ Լոս Անճելըս:








