
Շաբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2026-ի առաւօտեան ժամը 9-էն կէսօրուան 1:30, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, նախագահեց Թեմիս 53-րդ տարեշրջանի արտահերթ նիստին, որ տեղի ունեցաւ Ս. Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի «Թուլումճեան» սրահին մէջ, շրջանի Ազգ. երսփոխաններու մեծամասնութեան եւ ծխական ու կրթական համակարգէն հրաւիրեալներու ներկայութեան:
Առաջնորդ Սրբազանը՝ աղօթքով պաշտօնապէս բացումը կատարեց պատկառելի այս ժողովին եւ ողջունելէ ետք ժողովականները յաջողութիւն մաղթեց ժողովի աշխատանքներուն, ապա փոխանցեց իր պատգամը:
Գեղամ Սրբազան առաջին հերթին շեշտեց կանոնագրային տրամադրութիւնը այս ժողովներուն, ինչպէս նաեւ անոնց կանոնաւոր ու յանձնառու մասնակցութիւն բերելու յոյժ կարեւորութիւնը, նշելով, որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու կարգին, այս Թեմը եւս իր ընտրեալ պատգամաւորներով անմնացորդ զօրակցութիւն կը յայտնէ Կիլիկեան դարաւոր Ս. Աթոռին եւ անոր ժողովրդանուէր եւ ազգաշէն ծրագիրներուն: Ապա ընտրեալ բոլոր պատգամաւորները, ի մի կու գան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի մէջ՝ Անթիլիաս, Լիբանան, չորս տարին անգամ մը գումարուող Ազգային Ընդհանուր ժողովի հովանիին ներքեւ, բաժնեկցելու Թեմերու գործունէութիւններն ու մարտահրաւէրները, քննարկելու Ս. Աթոռոյ եկեղեցական, ազգային, մշակութային, մարդասիրական եւ այլ բազմատեսակ հարթակներու վրայ տարուող առաքելութեան ծառայութիւնը, ողջունելու յաջողութիւններն ու իրագործումները, արժեւորելու մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները, խորհրդածելու լուծումներ որդեգրելու մասին, եւ մշակելու նոր ծրագիրներ:
ժողովի օրակարգի կէտերու շարքին էր Թեմիս կողմէ Ընդհանուր Ժողովին ներկայացուելիք առաջարկներու եւ թելադրանքներու բաժինը, որ ժողովականները կատարեցին Առաջնորդ Սրբազանի պատգամէն բխած խորհրդածութեանց լոյսին տակ:
Հաւաքական լուսանկարի դադարէն ետք, ընտրողական օրակարգով, ժողովական երեսփոխանները ընտրեցին Արեւմտեան Թեմի թիւով 15 պատգամաւորները, որոնք 27-29 Յունուար 2027-ին պիտի մասնակցին Անթիլիասի մէջ տեղի ունենալիք Ազգ. Ընդհանուր ժողովին:
Պատգամաւոր ընտրուեցան՝ Վահէ Յովակիմեան, Էլիզապէթ Պոյաճեան, Ճէք Հաճինեան, Ծովիկ Զէյթլեան, Մարգ Սրկ. Շիրին, Յովիկ Պետեւեան, Ռոնի Ղարիպեան, Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, Մատլէն Աշճեան, Զաւէն Մալխասեան, Ծերոն Թիթիզեան, Յարութ Մատէնեան, Գօգօ Թօփալեան, Կարօ Էշկիեան, Դոկտ. Յակոբ Գույումճեան: Ժողովը, ըստ աւանդութեան, նաեւ ընտրեց երեք փոխ պատգամաւորներ՝ Շանթ Բարսեղեան, Ճորճ Չորպաճեան եւ Յարութ Քամպէրեան:


