
Կիրակի, 25 Հոկտեմբեր 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ս. Գիւտ Խաչի տօնին առիթով հանդիսապետեց եւ քարոզեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր տաճարին մէջ, Խաչեալ Քրիստոսի խաչափայտի յայտնաբերման պատմութիւնը եւ անկէ բխած խորհուրդը դարձնելով իր մտածումներուն կիզակէտը:
Եկեղեցւոյ Ս. խորանին սպասարկեցին օրուան պատարագիչ Հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգչախումբը, որոնք Ս. Պատարագի աղօթական շարականներով լեցուցին Աստուծոյ տան մթնոլորտն ու հաւատացեալներուն սրտերը: Հաւատացեալներու շարքին էին Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան Արեւմտեան Թեմէն անդամ՝ Տիար Կարծակ Զէյթլեան եւ Տիկինը՝ Ծովիկ Զէյթլեան, որ Ազգ. վարչութեան ներկայ կազմին մաս կը կազմէ եւ նոյն կազմի անդամ՝ Տիար Գալուստ Յակոբեան:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գօտեպնդիչ քարոզին մէջ շեշտեց՝ Աստուծոյ կողմէ պատրաստուած եւ մարդուն փրկութեան վերաբերեալ ծրագիրին մէջ խաչափայտի դերին կարեւորութիւնը եւ զայն համարեց հաւատքի ամրապնդման խորհրդանիշ, զոր Խաչեալ Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդ մարդիկ մինչեւ օրս հաւատքով կը կրեն իրենց մարմնին վրայ՝ պաշտպանուելու համար չարին յարձակումներէն եւ կեանքի հարուածներէն, ապա խորհրդածեց խաչին նկատմամբ Հայ Եկեղեցւոյ պաշտամունքային նուիրուածութեան մասին՝ դիտել տալով, որ «մեզի համար խաչը նոյնինքն Խաչեալ Քրիստոսը կը խորհրդանշէ եւ անիկա ցուցանիշն է Անոր վրայ խարսխուած մեր հաւատքին ու ամբողջական վստահութեան՝ մեր Տէր Յիսուս Փրկիչի նկատմամբ»:
Ս. Պատարագի աւարտին, Գեղամ Արքեպիսկոպոս նաեւ հանդիսապետեց գաղութիս կարկառուն գործիչներէն՝ հանգուցեալ Տիար Սթիւ Արթինեանի հոգեհանգստեան պաշտօնին, որուն ներկայ եղան հարազատները, շրջանի պատկան մարմիններ, Արեւմտեան Թեմի բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան, կուսակից ընկերներ եւ բարեկամներ:













