Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի Հիւպատոսարան

By October 23, 2026No Comments

Չորեքշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեանի, այցելեց Հ.Հ. Լոս Անճելըսի Հիւպատոսարան եւ ընդունուեցաւ Գլխաւոր Հիւպատոս՝ Տիկին Աննա Աւետիսեանի կողմէ:

Քաղաքավարական հանդիպման ընթացքին, կողմերը անդրադարձան ազգի ու հայրենեաց կեանքի զանազան երեսներու բարելաւման համար լոսանճելըսահայութեան մշակութային եւ մարդասիրական ջանքերուն ու ներդրումին եւ բարեկամական զրոյցի աւարտին վերահաստատեցին փոխադարձ գործակցութեան կարեւորութիւնը:

Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հ.Հ. Գլխաւոր հիւպատոսին եւ աշխատակազմի անդամներուն յղեց իր բարի մաղթանքներն ու հայրական օրհնութիւնները, ապա Տիկին Աւետիսեանի նուիրեց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասին Դոկտ. Սեդա Տատոյեանի պատրաստած անգլերէն հատորէն օրինակ մը:

Close Menu

Categories