
Չորեքշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան ընդունեց այցելութիւնը արցախցի տաղանդաշատ բեմադրիչ եւ Արցախի մասին ֆիլմերու հեղինակ Տիար Ճիւան Աւետիսեանը, ընկերակցութեամբ Գործադիր արտադրող (Executive Producer)՝ Տիկին Ատրինէ Միրզայեանի:
Հանդիպման նաեւ ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ անդամներ՝ Տեարք Գեւիկ Պաղտասարեան եւ Ճէք Հաճինեան:
Առաջնորդ Սրբազան հայրը բարձրօրէն գնահատեց արցախեան հայրենիքի ծնունդ, բեմադրիչ Աւետիսեանի նուիրական գործը, որ կը վերաբերի Արցախի եւ արցախահայութեան կեանքին ու ոդիսականին մասին տեսագրական ու վաւերագրական ֆիլմեր հրապարակելու վարպետութեան եւ յանուն ազգային-հայրենանուէր նպատակներու իրագործման, Արցախի ու արցախահայութեան պատմաքաղաքական, ընկերային եւ մարդասիրական իրաւունքներու պաշտպանութեան ու ձեռքբերման, երիտասարդ բեմադրիչին մաղթեց տոկուն կամք եւ յարատեւ աշխատանք:
Արցախի զաւակ՝ Ճիւան Աւետիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան հօր եւ Ազգ. վարչութեան, անցնող բոլոր տարիներուն իրենց ցուցաբերած նիւթաբարոյական զօրակցութեան համար, ապա խնդրամատոյց եղաւ Առաջնորդ Սրբազան հօր, հայցեց օրհնութիւնը եւ զայն հրաւիրեց իր վերջին՝ «Վերածնուած» վաւերագրական ֆիլմի յառաջիկայ ցուցադրութիւնը առաջնորդական ներկայութեամբ պատուելու:
Խօսելով իր ապագայ ծրագիրներուն մասին, բեմադրիչ Աւետիսեան նշեց, որ ընթացքի մէջ է իր նոր՝ «2020-ի Հրեշտակները» անուն ֆիլմի պատրաստական աշխատանքը եւ բացատրեց, որ ֆիլմը կը վերաբերի Արցախի 44-օրեայ պատերազմի օրերուն Հայաստանէն եւ աշխարհի զանազան երկիրներէ հայրենիք փութացած բժիշկ-հրեշտակներու կատարած մարդասիրական վիթխարի ծառայութեան եւ դիմագրաւած սարսափելի արհաւիրներուն՝ ամէն գնով կորուստէ փրկելու համար հայկական ծաղկատի կեանքեր, նահատակներու հարազատներ:
Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ ծաւալած բազմաձայն եւ մտերմիկ զրոյցի աւարտին, Գեղամ Արքեպիսկոպոս հայրական բարեմաղթութիւններով ու օրհնութեամբ յաջողութիւն մաղթեց Արցախի դատին ու հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան մեծ գործին նուիրուած բեմադրիչ Ճիւան Աւետիսեանի ու իր աշխատանքներուն:
Յայտնենք, որ «Վերածնուած» ժապաւէնը Լոս Անճելըսի մէջ երկրորդ ցուցադրութեան կ՛արժանանայ Երկուշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2026, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ:


