Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆ ԵՒ ՋՐՕՐՀՆԷՔ
ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱԼԻՐԻՆ ՄԷՋ
Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս Չորեքշաբթի, 6 Յունուար 2021ին, Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան հրաշափառ տօնը նշուեցաւ հանդիսաւորապէս եւ եկեղեցական հոգեպարար արարողութեամբ, որուն բազմահազար հաւատացեալներ հաղորդ դարձան ընկերային լրատուական միջոցներու համացանցային կայքէջերու վրայ ուղղակի սփռումով:
Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Առաջնորդական Անդրանիկ Պատարագ եւ Ջրօրհնէքի արարողութիւն կատարեց Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրին մէջ, ներկայութեամբ շրջանի հոգեւոր, եկեղեցական, պատկան մարմիններու, միութիւններու, ազգային, կրթական կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու: Այս առիթով խօսած իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ 2020ին աշխարհի մարդկութեան եւ յատկապէս հայ ազգի կեանքին մէջ պատահած ցաւալի դէպքերուն, ապա իբրեւ միակ ելք՝ յորդորեց քրիստոնեայ մարդը, որ յոյսով նայի առաջ՝ աւելցնելով. «Ծննդեան Տօնի խորհուրդը պատգամ մը ունի իր մէջ, որ այսօր, մենք մեր մտահոգութիւններն ու տագնապները մէկ կողմ ձգենք եւ յուսավառ ու լուսավառ աչքերով նայինք օրուան Տօնին՝ Ս. Ծննդեան առիթին: Այսօր հրեշտակներուն ձայնը պէտք է լսելի դառնայ իւրաքանչիւր մարդու, հա՛յ մարդու»:
Խօսելով Ս. Ծննդեան դրուագին մասին, Սրբազան հայրը ընդգծեց, թէ՝ «Յիսուս ծնաւ այս աշխարհի մէջ, որովհետեւ Աստուած շատ սիրեց մարդը, այնքան սիրեց մարդը, որ չուզեց որ մարդը կորսուի, մեղքի ցեխի մէջ ընկղմի եւ աղտոտ մնայ հոգիով, կեանքով կամ գործով», եւ շեշտը դնելով Աստուածայայտնութեան խորհուրդին վրայ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Այդ օր, Յունուար 6ին, Աստուած իր փառքով կը յայտնուէր, անտեսանելի Աստուած կը տեսնուէր մարդէն, անընդգրկուելի Աստուած կ՛ընդգրկուէր մարդէն, ամբողջ տիեզերքին մէջ չբաւող Աստուած կը բաւէր մսուրին մէջ, Իր Որդիին ընդմէջէն: Ուրախ էին բոլորը այդ օր: Հրեշտակները ուրախ էին եւ կ՛երգէին, իմաստուն հարուստներն ալ ուրախ էին, որոնք որպէս մոգեր եկան Քրիստոսի երկրպագելու եւ իրենց ունեցածէն բաժին հանելու Յիսուս Քրիստոսի: Մէկը բերաւ ոսկի, որ կը խորհրդանշէր, թէ Յիսուս Թագաւոր էր: Միւսը բերաւ կնդրուկ, խունկ, որ կը խորհրդանշէր, թէ ծնեալ Փրկիչը Քահանայապետ էր, եւ երրորդը բերաւ զմուռս, որ կը խորհրդանշէր, թէ Ան յարութիւն պիտի առնէր, Անոր մարմինը պիտի չփտէր: Եկան ու անցան իմաստուն հարուստները, հրեշտակները կ՛երգեն, Աստղը կը փայլի: Ծննդեան դրուագին մէջ կը տեսնենք նաեւ ներկայութիւնը այն իմաստուն աղքատներուն, որոնք զգացին զօրութիւն մը իրենց կեանքին մէջ, այդ պահուն անոնք տեսան Աստղը, ուրախացան եւ իրենց նուէրներով գացին ու երկրպագեցին Մանուկ Քրիստոսի ու գառնուկներ նուիրեցին Անոր»:
Խօսքը ուղղելով քրիստոնեայ հաւատացեալներուն, Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան հարցուց, թէ՝ «Այսօր մենք ի՞նչ կը նուիրենք Յիսուս Քրիստոսի: Այսօր մենք որքա՞ն իմաստուն ենք մեր նուէրներուն մէջ, որ կու տանք Աստուծոյ» եւ յորդորեց ներկաները «քաջ ու տոկուն ըլլալու, գիտակից ու իմաստուն ըլլալու եւ այսօր «Փառք Քեզ Աստուած» երգելու: «Ո՛չ մէկ դժգոհութիւն արտօնուած է մեզի արտասանել, այլ միայն գոհութիւն տալ Աստուծոյ: Փառաբանութի՜ւն: Փառաբանութիւնը որպէս բառեր հնչեցնել մեր շուրթերէն, որպէսզի Աստուած փառաւորուի մարդոց կողմէ, ինչպէս որ կը փառաւորուի այսօր եւ միշտ՝ հրեշտակներէն: Այսօր մենք կ՛աղօթենք, որ խաղաղութիւն ըլլայ երկրի վրայ, բայց որպէսզի խաղաղութիւն ըլլայ երկրի վրայ, նախ խաղաղութիւն պէտք է ունենայ ամէն մարդ իր սրտին մէջ, ամէն մարդ հաշտ պէտք է ըլլայ իր անձին հետ, ան որ հաշտ չէ իր անձին հետ՝ չի կրնար հաշտ ըլլալ Աստուծոյ եւ մարդոց հետ: Ուրեմն, հաշտութեան օր է այսօր, որ Յիսուսով մարդը կը կնքէ իր անձին հետ, ապա իր նմանին հետ, իր ընտանիքին հետ, իր եղբօր հետ, իր բարեկամին հետ եւ նոյնիսկ չարակամին հետ: Այսօր այն օրն է, որ մենք հաշտուինք Արարիչին հետ, Աստուծոյ հետ, կարողանանք մեր սիրտը բանալ Իր առջեւ եւ ըսենք՝ Տէ՜ր, ես Քեզ կ՛ուզեմ այսօր Քեզմէ, եկուր եւ ներգործէ իմ կեանքիս մէջ»:
Շարունակելով, Պատգամաբեր Սրբազան Հայրը որդիական սիրով ողջունեց նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Կաթողիկոսը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.ին Հայրապետը եւ անոր մաղթեց առողջ, երկար, կանաչ տարիներ: Ապա, եղբայրական ջերմ սիրով ողջունեց հոգեւոր երէց եղբայրներէն Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեանի եւ Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը Ս. Ծննդեան Պատարագին, աւելցնելով, որ՝ «Ջերմ սիրով երբ Անդրանիկ Պատարագ կը մատուցանենք Հովիտի շրջանին մէջ, կ՛ողջունենք Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ նուիրեալ Քահանայ Հայրը, Տէր Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանը, Հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց Միութիւնը, ազգային երեսփոխանները, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը, մեր դպրոցները, որոնք կը վայելեն օրհնութիւնը Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ, կ՛ողջունենք շրջանէն ներս գործող մեր բոլոր միութիւնները, կազմակերպութիւններն ու կառոյցները, բոլորին մաղթելով արեւշատ օրեր եւ ծառայութեամբ լեցուն բազում տարիներ, որպէսզի բոլորս ալ դառնանք գործիք Աստուծոյ ձեռքին մէջ եւ Աստուած փառաւորուի մեր գործերուն ընդմէջէն»:
Սրբազան Հօր քարոզին հետեւեցաւ Ս. Ծննդեան Ջրօրհնէքի արարողութիւն, Խաչի կնքահայրութեամբ փոքրիկն Սուրէն Ալեքսանդր Քրուզեսկիի, զաւակը՝ Տէր եւ Տիկին Մարք եւ Նայիրի Սիմոնեան-Քրուզեսկիի: Հուսկ, խորան եւ սրահ միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» քայլերգը, որուն աւարտին եկեղեցական թափօրը ուղղուեցաւ «Տիգրանեան» սրահ, ուր Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդունեց ներկաներուն ջերմագին շնորհաւորութիւնները: