Հինգշաբթի, 17 Նոյեմբեր 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, այցելեց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրին մէջ գործող Ազգ. Ֆերահեան վարժարան, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի, Հոգաբարձութեան անդամ Տիար Արա Փափազեանի եւ դիմաւորուեցաւ վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկին Սօսի Շանլեանի, Ուսումնական մարմնի ատենապետ՝ Տիար Վահէ Պէնլեանի եւ անդամներու կողմէ, պտտեցաւ դասարանները, զրուցեց աշակերտներուն հետ եւ հայրական պատասխաններ տուաւ անոնց հարցումներուն: Իր այցելութեան ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց վարժարանի պատասխանատուները, ուսուցիչներն ու կրթական մշակները, աշակերտութիւնն ու ծնողները, ապա մասնակից դարձաւ Սիրոյ սեղանին:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր յաջորդ հանգրուանը եղաւ Սրբոց Նահատակաց Ազգ. Մարի Գապայեան նախակրթարանը, ընկերակցութեամբ եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանի: Ան դիմաւորուեցաւ վարժարանի տնօրէն Տիար Ժան Գոսաքեանի, Ուսումնական մարմինի, Ուսուցչական կազմի եւ բոլոր աշակերտներուն ծափողջոյններով, կատարեց աղ ու հացի օրհնութիւն, ապա նախակրթարանի աշակերտներուն հասկնալի ոճով արտասանեց հայրական խօսք ու գնահատեց աշակերտութեան մատուցած ազգային-գեղարուեստական յայտագիրը: Իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը դրուատանքով ընդգծեց նաեւ վարժարանի պատասխանատուներուն ու ծնողներուն հոգածու վերաբերումն ու հայերէնաւանդ ուսուցիչներու ճիգն ու աշխատանքը, նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան մէջ:
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը իր քայլերը ուղղեց դէպի ՀՕՄ-ի Աշխէն Փիլաւճեան Մանկապարտէզ-մանկամսուր, ուր դիմաւորուեցաւ վարիչին՝ Տիկին Վեհիկ Գաբրիէլեանի, մանկավարժներուն ու դաստիարակներուն կողմէ, շրջեցաւ մանուկ աշակերտներուն դասարանները, հայրական ջերմութեամբ շփուեցաւ փոքրիկներուն հետ, աղօթքով օրհնեց զանոնք եւ անոնց հասկնալի լեզուով զրուցեց անոնց հետ: Այս առիթով ան բարձր գնահատեց Մանկամսուր-մանկապարտէզի վարիչը, պատասխանատուներն ու պաշտօնէութիւնը, ինչպէս նաեւ փոքրերուն հնչեցուցած հայերէն երգերն ու արտասանութիւնները, որոնք իրենց անմիջականութեամբ պահը լեցուցին տօնական խանդավառութեամբ:
Այս առիթով, Թորգոմ Եպիսկոպոս հետեւեալը կ՛արձագանգէ. «Մեր Ազգ. վարժարանները մեր զաւակներուն ու թոռնիկներուն համար տասնամեակներէ ի վեր եղած են ու կը շարունակեն մնալ կեցութեան, զարգացման եւ հոգեիմացական աճման ամէնապահով երդիք, ուր մեր ազգի ամենամատղաշ սերունդներ կը ծլին, կոկոն կը դառնան ու կը ծաղկին՝ կարճ ժամանակ ետք ըլլալու համար բազմերանգ, աւելի ամբողջական ու տիպարային հայ պատանի-երիտասարդներ, որոնք անպայմանօրէն եւ անտարակոյս, օգտակար եւ պիտանի տեսակ-տեսակ ծառայութիւններ պիտի ծաւալեն ապագային, յանուն մեր ազգին ու հայրենիքին»: