Հինգշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2024-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու առիթով այցելեց Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարան եւ դիմաւորուեցաւ տնօրէնուհի Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի, անձնակազմին ու աշակերտութեան կողմէ: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, Ազգային վարչութեան փոխ ատենապետ՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի եւ անդամ՝ Տիար Գեւիկ Պաղտասարեան, ինչպէս նաեւ Խնամակալ մարմինի անդամ Արլին Զէնեան:
Իրենց Առաջնորդ Հօր հետ հանդիպումը աշակերտները իմաստաւորեցին տօնական հնչեղութեամբ եւ ներկայացուցին գեղարուեստական ճոխ յայտագիր, որուն աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց տարուած բծախնդիր աշխատանքին համար: Ան նաեւ յատուկ գնահատանքի արժանացուց ծնողները՝ ըսելով որ վարժարանի պատասխանատուներուն կողքին կարեւոր է ծնողներուն դերը, «որ նորուղէշ բարձրացող փոքր ծառերու ցանկապատին կը նմանի, որպէսզի նորատունկ ծիլերը ճիշդ ձեւով աճին ու բարգաւաճին. այսպէս են նաեւ մեր ծնողները, որոնք իրենց զաւակներուն ետին կանգնած ցանկապատեր են, կը խնամեն ու կը հոգան իրենց որդիները, որպէսզի անոնք հաստատուն ծառ դառնան ընտանեկան եւ հաւաքական կեանքի մէջ», դիտել տուաւ ան, ապա իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց վարժարանի մեծ ընտանիքի բոլոր անդամներուն:
Պաշտօնական բաժնի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ այցելեց դասարանները, մտերմօրէն զրուցեց աշակերտական խումբերուն ու պատասխանատուներուն հետ եւ մօտէն ծանօթացաւ վարժարանի բաժանումներուն, ծրագիրներուն ու իւրաքանչիւրի գործունէութեան: