Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հանդիսապետեց Փասատինայի Ազգ. Լ. Եւ Յ. Թաւլեան Մանկամսուրի Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան Հանդէսին

By December 20, 2024No Comments

Կիրակի, 15 Դեկտեմբեր 2024-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան հանդիսապետեց Փասատինայի մէջ գործող Ազգ. Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկամսուրի Ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան հանդէսին, որ տեղի ունեցաւ Փասատինայի Ուաշինկթըն պողոտայի վրայ գտնուող Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՛ընկերակցէր շրջանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան, ներկայ էին մանկամսուրի հիմնադիր բարերար ամոլ Վահէ եւ Նորա Թաւլեաններու թոռը՝ Շանթ Երէմեան, Հոգաբարձութեան անդամներ, շրջանի Ազգ. երեսփոխաններ, մանկամասուրի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը, ինչպէս նաեւ Փասատինայի հայ համայնքի եւ միութեանց ներկայացուցիչներ, ծնողներ, բարեկամներ եւ հիւրեր, որոնք խանդավառութեամբ հետեւեցան Փասատինայի հայ փոքրիկներուն տօնական հանդէսին, որ շաղախուած էր Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան յատուկ խմբային եւ անհատական ասմունքով, երգ ու պարով եւ ցնծալից բեմականութեամբ:

Այս մթնոլորտին մասին էր, որ արտայայտուեցաւ Գեղամ Արքեպիսկոպոս եւ գնահատեց մանուկները՝ իրենց հաճելի ու անթերի կատարման համար, դրուատեց մանկամսուրի վարիչ տնօրէնուհի՝ Դոկտ. Կարին Չուքատարեանի եւ ուսուցչական կազմի ի գործ դրած ճիգը՝ տօնական յայտագիրի բծախնդիր պատրաստութեան համար:

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յորդորեց պատասխանատուները, ծնողներն ու ներկաները, որ նոյն հաւատքով ու կամքով շարունակեն իրենց նիւթաբարոյական աջակցութիւնը բերել Ազգ. Լ. եւ Յ. Թաւլեան մանկամսուրի փոքրիկ աշակերտներու ազգային դիմագիծի պահպանման եւ արուեստի ու կրթութեան ծրագիրներու բարելաւման՝ դիտել տալով, որ՝ «նոյն այս երեւոյթը մէկն է այն մնայուն արժէքներէն, որ քրիստոնէավայել սկզբունքներու վրայ հիմնուած է եւ որ մեզ հեռու կը պահէ խաբուսիկ ու վաղանցիկ ուրախութեան խաբկանքներէն», ըսաւ ան եւ խրախուսեց ներկաները, որ հետամուտ ըլլան իրարայաջորդ մատղաշ սերունդներու կեանքին մէջ հայկական տօներու եւ աւանդութիւններու առողջ պահպանման ու տարածման, ապա իր հայրական աղօթաբոյր օրհնութիւնները բաշխեց սրահը լեցուցած փոքրերուն, չափահասներուն եւ երէցներուն:

Close Menu

Categories