Շաբաթ, 19 Հոկտեմբեր 2024-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան նախագահեց աւանդական բնոյթ կրող եւ ամէնամեայ Թարգմանչաց տօնին առիթով իրականացուող՝ Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինի կազմակերպած հայկական վարժարաններու ուսուցիչներու վերապատրաստման համագումարին, որ այս տարի եւս տեղի ունեցաւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Աւետիսեան սրահին մէջ, Էնսինօ, ներկայութեամբ մօտաւորապէս 500 ուսուցիչ-դաստիարակներու եւ կրթական մշակներու: Ազգային վարչութենէն համագումարի բացման ներկայ էր նաեւ Ազգային վարչութեան անդամ եւ Խնամակալ մարմինի մօտ ներկայացուցիչ Տիար Ճորճ Չորպաճեան:
Յանուն Խնամակալ մարմինին սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Մարմինի ատենապետ Տիար Սարգիս Ուրֆալեան:
Համագումարի պաշտօնական նիստին ներկայ եղաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, կատարեց բացման աղօթք եւ արտասանեց պատգամ, իր խօսքը սկսելով՝ «քրիստոսաւանդ սիրով եւ Սրբոց Թարգմանչաց տեսիլքով տոգորուած՝ կ՛ողջունենք Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի կրթական համակարգին ազգային դաստիարակութեան առաքելութեան նուիրուած ուսուցչաց այս աշխատանքային հաւաքը» բառերով, ապա նշեց, որ տպաւորիչ ու ոգեւորող այս առիթը պերճախօս արտայատութիւնն է Արեւմտեան շրջանի կենսունակութեան, երաշխիքը՝ ազգային գիտակցութեամբ հասակ առնող սերունդներու եւ պարծանքը հայութեան։
Իր խօսքը ուղղելով սրահը լեցուցած բազմահարիւր դաստիարակ-մշակներու, Գեղամ Արքեպիսկոպոս ըսաւ. «Սիրելի կրթական մշակներ, դաստիարակներ, մանկավարժներ, ձեր ներկայացուցած այս հիանալի պատկերը նաեւ դիտել կու տայ, որ մեր նոր սերունդի զաւակներուն միտքերն ու սիրտերը ձեր ձեռքերուն մէջն են» ու աւելցուց. «Մշակնե՛ր, ցանեցէք վաղուան ատոք սերունդներու հունձքին համար, որովհետեւ մեր գիտակից ծնողները ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր իրենց յոյսը ձեր վրայ կը դնեն, դուք էք դաստիարակները վաղուան հայ-քրիստոնեայ սերունդներուն հետեւաբար, աչք ամենեցուն ի ձեզ հային» եւ աւարտեց իր խօսքը՝ «Օրհնեալ ըլլաք դուք եւ ձեր աշխատանքը» բառերով։
Յայտնենք, որ միօրեայ համագումարի ընթացքին տեղի ունեցան կրթական զեկուցում, մասնագիտական փորձառութեանց փոխանակում եւ ուսուցման արդիականացնան նպաստող յատուկ նիստեր: