Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

By October 25, 2024No Comments

«Ս. Թարգմանչաց Տօնը Մեր Ինքնութեան Հետ Ամէնամեայ Հանդիպում Է»,
Ըսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը

Կիրակի, 20 Հոկտեմբեր 2024-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Օրէնճ Քուանթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ Պատարագ, քարոզեց եւ օրհնեց եկեղեցոյ նոր զանգը, նուիրուած՝ Տէր եւ Տիկին Զոհրապ եւ Սեդա Ղազարեան ընտանիքին կողմէ, ի յիշատակ իրենց հանգուցեալ ծնողաց:

Արդարեւ, Օրէնճ Քուանթիի մէջ հոգեւոր եւ մշակութային տօն էր Կիրակի: Եկեղեցւոյ Ս. խորանին սպասարկեցին Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, նախկին Հովիւ՝ Արժ. Տ. Հրանդ Աւ. Քհնյ. Երէցեան, սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգեցիկ խումբը, ներկայութեամբ եկեղեցւոյ հիմնադիրներու, բարերարերու, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներու, շրջանի Ազգային երեսփոխաններու, Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի պատասխանատուներու եւ աշակերտներու, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամներու եւ հաւատացեալ հոծ բազմութեան:

Իր քարոզին նշանաբանը վերցնելով եկեղեցւոյ շարականագիրքէն, Առաջնորդ Սրբազանը դիտել տուաւ, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանը քրիստոնէացուց, իսկ Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետ հայոց տառերու ստեղծումով քրիստոնէութեան շնորհեց հայկական զօրեղ նկարագիր, որովհետեւ, շնորհիւ հայոց գիրերու գիւտին, մեր ազգը սկսաւ հասկնալ «թագուհի թարգմանութեանց» տիտղոսին արժանացած հայատառ եւ հայախօս Աստուածաշունչը եւ զայն ամբողջ էութեամբ որդեգրեց եւ դարձուց իր ինքնութեան մաս: Բացատրելով, ան նաեւ հաստատեց, որ Թարգմանչաց տօնը ամէնամեայ ժամադրութիւն ու հանդիպում է մեր ինքնութեան հետ, որովհետեւ շնորհիւ այս տօնին Աստուած հայերէն խօսեցաւ մեր ժողովուրդին հետ, որ իր ազգային բնիկ լեզուով սկսաւ հասկնալ ու ըմբռնել երկինքն ու յաւիտենական կեանքի խորհուրդը եւ տոգորուեցաւ անցողիկը մնայունին զոհելու պատրաստակամութեամբ ու յաւիտենական կեանքը ժառանգելու գաղափարը դարձուց երկրային կեանքի գերագոյն նպատակը:

Քարոզի ընթացքին, Գեղամ Արքեպիսկոպոս յատուկ աղօթքով եւ շարականներու երգեցողութեամբ նաեւ օրհնեց կոչնակի դեր կատարելու կոչուած զանգակը՝ նշելով, որ այս զանգակը կոչ է դէպի Աստուած եւ քրիստոնէական հաւատք՝ ուրեմն եւ կոչ դէպի հայ քրիստոնէական դարաւոր ինքնութիւն եւ ասկէ մեկնած՝ զայն կոչեց «ղօղանջ թարգմանչաց»:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, խորան եւ դահլիճ միաբերան երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը, որուն աւարտին առաջնորդական թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ Ղուկասեան սրահ, ուր Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի աշակերտական խումբեր ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր, որուն աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր արտասանած սրտի խօսքով բարձր գնահատեց աշակերտները եւ նշեց, որ շնորհիւ Մեսրոպ Մաշտոցի որդեգրած՝ հայեցի դաստիարակութեան եւ Հայաստանի զանազան անկիւններու մէջ դպրոցներ հաստատելու քաղաքականութեան, 405 թուականէն ի վեր մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ առաջնային տեղ կը գրաւէ հայեցի դաստիարակութիւնը: Ակնարկելով աշակերտներու կողմէ կատարուած հայկական տարազներու ցուցադրութեան՝ ան դիտել տուաւ, որ ազգագրական բնոյթի այս տարազները մինչ այսօր մեզ մեր արմատներուն է, որ կը կապեն եւ թէ` այս մթնոլորտի ստեղծումն ու զարգացումը մեզ բոլորս ազգային հպարտութեամբ կը լեցնեն, ի հարկէ առանց ստորադասելու այլ ազգեր եւ հաւաքականութիւններ: Հուսկ, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը Առաջնորդ Սրբազան Հօր իր երախտագիտութիւնը յայտնեց՝ անոր նուիրելով հայկական գեղեցիկ Պանակէ մը:

Օրէնճ Քաունթիի համայնքային կեանքէն ներս Թարգմանչաց տօնի յիշատակումն ու ստեղծուած տօնական մթնոլորտը եզրափակուեցան Սիրոյ սեղանով, որուն մասնակցեցան բոլոր ներկաները՝ իրենց ուրախութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնելով շրջան այցելած Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ անոր հայրական օրհնութիւնները ստացած՝ թեթեւցած սրտով մեկնեցան իրենց տուները:

Յայտնենք, որ Շաբաթ գիշեր, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հիւրընկալուեցաւ շրջանի ազգայիններէն՝ Տէր եւ Տիկին Լեւոն եւ Զարուհի Ղուկասեան ամոլին կողմէ, վերջինիս սեփական ճաշարանին մէջ, սեղանակից ունենալով շրջանի հիմնադիրներ, բարերարներ եւ վաստակաւոր ազգայիններ:

Close Menu

Categories