Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Ազգային Առաջնորդարան Այցելեց Կեդրոնական Վարչութեան Համա-Ատենապետ՝ Տիար Գրիգոր Մահսէրէճեան

By May 22, 2026No Comments

Հինգշաբթի, 14 Մայիս 2026-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդունեց այցելութիւնը Կեդրոնական վարչութեան համա-ատենապետ՝ Տիար Գրիգոր Մահսէրէճեանի, ընկերակցութեամբ Լոս Անճելըսի անդամ՝ Տիար Կայծակ Զէյթլեանի: Հանդիպման նաեւ ներկայ եղաւ Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու ատենապետ Յովակիմեան ուրախութեամբ ողջունեցին այցելութիւնը Տիար Մահսէրէճեանի, որ իր կարգին ուրախութիւն յայտնեց կրկին Լոս Անճելըս գտնուելուն համար եւ այս առիթով վերյիշեց Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի հայրապետական վերջին այցելութեան հանգրուանները ընդհանրապէս Գալիֆորնիոյ հայութեան կեանքին մէջ՝ դիտել տալով, որ գաղութի զաւակներուն խանդավառութիւնն ու կազմակերպուածութիւնը ամէն տեղ մեծապէս տպաւորիչ էին՝ իբրեւ հայկական ինքնութեան վառ ցուցանիշ, ապա Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնները փոխանցեց զրուցակիցներուն:

Հանդիպման ընթացքին նաեւ միատեղ անդրադարձ կատարուեցաւ Կաթողիկոսարանին եւ Արեւմտեան Թեմի միջեւ առկայ սերտ գործակցութեան ընդգրկած դաշտերուն եւ գնահատեցին Թեմի եկեղեցաշէն ու դպրոցանուէր աշխատանքներն ու ժողովրդային աշխոյժ մասնակցութիւնը Թեմական կեանքի զանազան բնագաւառներէ ներս:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, իր կարգին, որդիական ողջոյններ յղեց Վեհափառ Հայրապետին եւ Արեւմտեան Թեմի անունով վերստին հաւաստիացուց յարգարժան հիւրին, որ Թեմն ու ինք, ինչպէս միշտ, զօրավիգ ու զօրակից են Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ անոր երեսնամեայ գահակալ՝ Ն. Ս. Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:

Close Menu

Categories