Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Ազգ. Վ. Եւ Ա. Շամլեան Վարժարանի Աւարտական Կարգի Աշակերտները Ուսուցողական Հանդիպում Ունեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հետ

By May 22, 2026No Comments

Չորեքշաբթի, 13 Մայիս 2026-ի կէսօրին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ազգային դաստիարակութեան ծիրը շահագրգռող հաճելի եւ օգտաշատ հանդիպում ունեցաւ Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի աւարտական կարգի 78 աշակերտներու հետ, որոնք նախօրօք պատրաստուած հարցումներով ներկայացան Առաջնորդ Սրբազան Հօր, նմանողութեամբ՝ անցեալ Հոկտեմբերին, հայկական վարժարաններու բարձրագոյն դասարանի աշակերտութեան Նորին Սրբութիւն Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին ուղղած հարցումներուն, Հայրապետին Արեւմտեան մեր Թեմին շնորհած Հովուապետական այցելութեան առիթով կազմակերպուած աշակերտական յատուկ հանդիպման ընթացքին:

Ազգային Առաջնորդարանի Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան սրահը այդ օր վերածուած էր շինիչ դասապահի: Ներկայ էր նաեւ Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Տիար Ռոնի Ղարիպեան: Աշակերտները սրահ առաջնորդուեցան վարժարանի տնօրէնուհի՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի գլխաւորութեամբ, ընկերակցութեամբ պատասխանատու ուսուցիչներու եւ կարգ մը ծնողներու: Բծախնդրօրէն կազմակերպուած հանդիպման բացման խօսքն ու նպատակը բացատրելէ ետք, Դոկտ. Քարկոտորեան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ապա առիթ տուաւ աշակերտներուն, որ հարցումներ ուղղեն Սրբազան Հօր: Առաջնորդ Սրբազանը երկլեզու սպառիչ բացատրութիւններ տուաւ «Հայ ինքնութիւնը եւ հայերէն լեզուն», «Հայկական դպրոցին դէրը Սփիւռքի մէջ», «Ընկերային ցանցերը եւ արդի արհեստագիտութիւնը», «Հոգեւոր կեանքը եւ հաւատքը», «Արցախ եւ հայրենիք» խորագրեալ գլուխներուն տակ ամփոփուած շարք մը հարցումներու, զորս կարգով քանի մը աշակերտ-աշակերտուհիներ համարձակօրէն ուղղեցին իրենց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, մինչ մնացեալ աշակերտները աչալուրջ կը հետեւէին եւ նշումներ կը կատարէին՝ տնօրէնութեան կողմէ այս առիթով իրենց տրամադրուած դասարանային աշխատանքի յատուկ թուղթերու վրայ, որոնք, աւելի ուշ, պիտի արժեւորուէին իբրեւ դասընթացք:

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց ուսուցողական բնոյթի այս հանդիպումը, ինչպէս նաեւ վարժարանի բոլոր պատասխանատուներն ու աւարտական կարգի աշակերտները եւ ուսումնառութեան յաջող ու առողջ ընթացք մաղթեց բոլորին, ապա գնահատանքի իր խօսքերը ուղղեց ներկայ եւ բացակայ ծնողներուն՝ իրենց զաւակները հայկական վարժարանին վստահած ըլլալնուն համար եւ «հոս ձեր բոլորին տունն է» բառերով՝ օրհնեց երէցներն ու աշակերտները:

Հայ աշակերտութեան համար խիստ ուսանելի այս դասապահը աւարտեցաւ Տէրունական աղօթքի միահամուռ երգեցողութեամբ, առաջնորդութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին:

Close Menu

Categories