Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Նախագահեց Եւ Քարոզեց Քրեսենթա Հովիտի Ս. Հրեշտակապետաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին

By December 20, 2024No Comments

Կիրակի, 15 Դեկտեմբեր 2024-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, նախագահեց Քրեսենթա Հովիտի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ Ս. եւ անմահ Պատարագին եւ քարոզեց: Ս. Պատարագին ներկայ էին համայնքի եւ նշեալ եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններ եւ շրջանի մեծաթիւ հաւատացեալներ: Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն եւ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի Տօնին առիթով, Ս. Պատարագի ընթացքին յատուկ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ եկեղեցւոյ հանգուցեալ անդամներու եւ բարերարներու հոգիներու խաղաղութեան համար:

Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, իսկ Ս. Խորանին ծառայեցին սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգեցիկ խումբը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզին իբրեւ բնաբան վերցուցած էր Ղուկաս Աւետարանի 17-րդ գլխուն 1-10 համարները, ուր Յիսուս իր աշակերտներուն կը խօսի չորս նիւթերով, ինչպէս՝ ուրիշը գայթակղեցնելէ հեռու մնալ, մեղաւոր եղբօր մեղքերը ներել երբ ան կը զղջայ, մանանեխի չափ հաւատք ունենալ եւ անկարելին կարելի դարձնել, այլեւ «անպիտան» ծառաներ ըլլալով հրամայուածը կատարել առանց հատուցման ակնկալութեան՝ դիտել տալով, որ ասոնք քրիստոնէական վարքագիծին մաս կը կազմեն, ապա բացատրեց անոնցմէ իւրաքանչիւրին կարեւորութիւնը քրիստոնեայ մարդու կեանքին մէջ:

Իր խօսքին մէջ ծանրանալով հաւատքի կարեւորութեան վրայ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս անդրադարձաւ Քրեսենթա Հովիտի ժողովուրդին՝ իր շրջանին մէջ եկեղեցի ունենալու հաւատքին եւ դրուատելով անոր գլխաւոր բարերար ամոլն ու շրջանի հայութեան մասնակցութիւնը այս սուրբ գործին՝ աւելցուց, որ հաւատքով նաեւ կարելի պիտի ըլլայ եկեղեցւոյ ամբողջացման աշխատանքները յառաջ տանիլ, որպէսզի շրջանը լիարժէքօրէն օրհնուի իր եկեղեցական կառոյցով ու անոր գործունէութեամբ:

«Մեր ժողովուրդը միշտ հաւատքով շինած է իր հոգեւոր տունն ու դպրոցը, նոյնիսկ ամէնէն դժուար պայմաններու մէջ, երբեմն նաեւ իր իսկ տունէն առաջ», աւելցուց ան եւ ակնարկելով Մելքոնեան ամոլի քրիստոնէական ամուր հաւատքին ու եկեղեցասիրութեան՝ նշեց, որ զոյգը նետեց իր առաջին քայլը՝ յոյս յայտնելով, որ բոլորանուէր նեցուկով շրջանի հայութիւնը իր աւարտին կը հասցնէ եկեղեցւոյ հայօրէն վերականգնման աշխատանքները, ապա բոլոր ներկաներուն փոխանցեց իր հայրական բարեմաղթութիւնները:

Close Menu

Categories