
Կիրակի, 23 Մարտ 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, հանդիսաւորապէս նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. եւ անմահ Պատարագին եւ Ս. Պահոց չորրորդ՝ «Տնտեսի Կիրակի»ն ըլլալով, ան ծանրացաւ տնտեսի առակէն բխած խորհուրդին վրայ՝ մէկ կողմէ իրարու կապելով Բարեկենդանի տօնին յաջորդող Կիրակիներն ու անոնց պատումները իբրեւ մեր ամբողջութիւն, իսկ միւս կողմէ՝ չորրորդին մասին բացատրելով, թէ Ղուկաս Աւետարանի 16-րդ առակը «ճարպիկ ու խելամիտ տնտես»ի օրինակը կը ցոյց կու տայ մեզի՝ սորվեցնելով, որ փոքր ծառայութեան մէջ հաւատարիմ եղողը մեծին մէջ ալ հաւատարիմ կ՛ըլլայ եւ՝ հակառակը, որուն հիմամբ գրուած է թէ՝ «եթէ հաւատարիմ չեղաք աշխարհիկ հարստութեան, որ ձերը չէ, ինչպէ՞ս կ՛ուզէք որ Աստուած ձեզի տայ ձեզի սպասող ճշմարիտ հարստութիւնը», որով կը բացատրուի երկնքի արքայութիւնը ժառանգելու «Տնտեսի Կիրակի»ն՝ իբրեւ գործնական ձեւերէն մէկը, ընդգծեց ան:
Պատումը խորացնելէ եւ զայն մերօրեայ կեանքին մէջ բերելէ ետք, Գեղամ Արքեպիսկոպոս յորդորեց ներկաները՝ չծառայել ե՛ւ Աստուծոյ, ե՛ւ մամոնային, որպէսզի վերջին դատաստանին օրը, երբ Աստուած հարց տայ իւրաքանչիւրիս, թէ դուն ի՞նչ ըրիր քեզի տուածովս, մենք կարենանք ցնծալ մեր ըրած բարի գործերուն համար եւ Տիրոջ հաւանութեամբ ժառանգել յաւիտենական կեանքը:
Եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ Տ. Զարեհ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան, արարողութեան ընթացքին նշեց, որ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, քարոզէն առաջ յատուկ աղօթք կը կատարուի Հայկական Ոսկրածուծի հիմնարկի աշխատանքային ծրագիրներու յաջողութեան ի նպաստ, ապա, այս առիթով, դաս հրաւիրեց հիմնարկի տնօրէնուհի՝ Տիկին Տօքթ. Ֆրիտա Ճորտընը, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ընձեռուած առիթին համար, եկեղեցին լեցուցած հաւատացեալներուն բացատրեց ոսկրածուծի պատուաստման կարեւորութիւնը՝ մահացու հիւանդութիւններէ տառապող հայ զաւակներու կեանքը փրկելու առումով:
Տոքթ. Ճորտըն կարելի մանրամասնութեամբ բացատրեց, թէ հայերս ունինք իւրայատուկ ծինաբանութիւն, որ ազգ ու հայրենիք զիրար կը կապէ, եւ թէ ոսկրածուծի նուիրատուութիւն կատարելով՝ մեր ծինաբանական տուեալները այս հիմնարկի պահեստային ցանկին վրայ արձանագրել կու տանք, այն ատեն լիովին կը յաջողինք օգտակար դառնալ աշխարհի որեւէ երկրի մէջ ոսկրածուծի տեսակ-տեսակ հիւանդութենէ տառապող ուրիշ հայու մը կեանքը փրկել, ապա յստակացնելով արձանագրութեան գործընթացը, ան հրաւիրեց՝ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի տակաւին չարձանագրուած անդամներն ու հաւատացեալները, որ յետ արարողութեան, եկեղեցւոյ բակին մէջ հիմնարկի պատասխանատուներուն օգնութեամբ արձանագրուին Ոսկրածուծի պատուաստաման յոյժ կարեւոր ծրագիրին: