Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նախագահութեամբ Ցւետանա Պասկալեւա Զրուցեց Ազգային Վարժարաններու Աշակերտութեանց Հետ Եւ Ցուցադրեց “S0ldiers Of Land” Ժապաւէնը

By February 21, 2025No Comments

Երեքշաբթի, 11 Փետրուար 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի նախագահութեամբ, Հոլիվուտի Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս վարժարանի սրահին մէջ, Լոս Անճելըս գտնուող պուլկար վաւերագրող Տիկին Ցւետանա Պասկալեւա հանդիպում-զրոյց ունեցաւ նշեալ վարժարանի 10, 11 եւ 12-րդ կարգի եւ Մոնթեպելլոյի Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի 9, 10 եւ 11-րդ կարգերու աշակերտութեանց հետ, որոնք նաեւ առիթը ունեցան Արցախի Պահանջատիրութեան մասին Տիկին Պասկալեւայի պատրաստած վաւերագրական ժապաւէններու շարքէն դիտելու “Soldiers of the Land” ժապաւէնը եւ մօտէն ծանօթանալու 1900-ականներու վերջերուն ծայր տուած Արցախի ազատագրական պայքարին ու անոր մանրամասնութիւններուն: Հանդիպման ներկայ եղաւ Ազգ. Առաջնորդարանի Խնամակալ մարմինի գործավարուհի Տիկին Թամար Թիւֆէնքեան:

Հանդիպման բացման խօսքը կատարեց Ազգ. Փիլիպոս վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկին Դոկտ. Սիւզի Օհանեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք անդրադարձաւ հանդիպման շարժառիթին եւ ներկայացուց օրուան հիւրն ու անոր վաստակը՝ Արցախի ու արցախահայութեան վերջին տասնամեակներու կեանքի վաւերագրման եւ լրագրողական հրապարակումներու ծիրէն ներս:

Տիկին Պասկալեւայի “Soldiers of the Land” ժապաւէնի դիտումէն ետք, արցախական հայրենասիրական զգացումներով տոգորուած աշակերտական խումբերը հարցումներ ուղղեցին Տիկին Պասկալեւայի, պարզեցին իրենց մտահոգութիւնները 2020 թուականի պատերազմէն ի վեր Ազրպէյճանի հսկողութեան տակ առնուած արցախեան հողերու եւ անոնցմէ դուրս քշուած բնիկ բազմահարիւր ժողովուրդի ճակատագրին ու ներկայ իրավիճակին մասին եւ պուլկար վաւերագրողէն ստացան սպառիչ պատասխաններ, հայրենական տիեզերքի ներկայ պատմութեան առնչուող իրենց ծանօթութիւնները նաեւ պատմագիտականօրէն ընդարձակելով:

Հանդիպման եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը Հայրը՝ առաջին հերթին նշելով, որ տեղի ունեցածը հայոց պատմութեան կարեւոր դասապահ մըն է, եւ թէ՝ ինչպէս որ անցեալ ժամանակներու մէջ հայոց մասին իրենց տեսածն ու ապրածը պատմած են հայ եւ օտար պատմագիրներ եւ պատմագիտական կաճառին նուիրած փաստագրական վաւերագրութիւններ, Տիկին Պասքալեւա եւս նոյնը ըրած է եւ կը շարունկէ ընել իր արձանագրութիւններով եւ վաւերագրական ժապաւէններով, որոնց համար ան անցնող տասնամեակներուն հրաւիրուած է հայահոծ գաղութներ եւ իրազեկ դարձուցած Արցախի ու արցախահայութեան իրավիճակի մասին, միշտ յանուն պատմական եւ մարդկային արդարութեան, հայկական հող Արցախի ու արցախցիներու դատը պաշտպանելով ֆիլմարուեստի ճամբով:

Close Menu

Categories