Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Ս. Յարութեան Տօնը Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

By April 10, 2026No Comments

«Բոլոր Տեսակի Շնորհաւորանքներուն Գագաթնակէտն Է Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան Լուրը», Ըսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը

Կիրակի, 5 Ապրիլ 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան Ս. տօնը, համայնքի բազմահազար զաւակներուն հոգիները լեցնելով մահէն ետք յաւիտենական կեանք ունենալու ցնծալի յոյսով, որ Աստուածորդի անմահ Յիսուս, երկրի վրայ ապրած Իր վերջին օրերու չարչարանալից մահուան յաջորդած Յարութեա՛մբ խոստացաւ Իր հետեւորդներուն:

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ս. Յարութեան տօնին առիթով պատարագեց ու քարոզեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, որուն ընդարձակ դահլիճին մէջ ներկայ էին աւելի քան հազար հաւատացեալներ: Աղօթական սրտառուչ մթնոլորտի մէջ, ներկաները Ս. Խորանի սպասաւորներու առաջնորդութեամբ իրենց հոգիներէն դէպի երկինք բարձրացուցին գոհութեան շարականներ, ապա Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան բարի լուրը ողջունեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ միմեանց հետ, խորան ու դահլիճ իրարու հետ փոխադարձելով քրիստոնեայ աշխարհի ամէնէն լուսաւոր խորհուրդը՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի» բառերով:

Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Քահանայ հայրեր, սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգչախումբը: Ի շարս հոծ բազմութեան, արարողութեան նաեւ ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ Տիկինը, անդամ՝ Տիար Ռոնի Ղարիպեան եւ ընտանիքը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հոգեպարար քարոզին ընդմէջէն վեր առաւ Ս. Յարութեան տօնի խորհուրդը եւ փառք ու գոհութիւն յայտնեց Երկնաւոր Հօր, որ Իր Միածին Որդւոյն խաչի՛ վրայ նահատակութեամբ նոր կեանք շնորհեց բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան Աստուածորդի Յիսուս Քրիստոսի եւ Անոր պատուիրանները կը պահեն իրենց երկրային կեանքին մէջ, որպէսզի իրենց մահէն ետք արժանանան յաւիտենական կեանքի երջանկութեան:

Արժեւորելով Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեան արարքը իբրեւ հաւատքի աղբիւր, Գեղամ Արքեպիսկոպոս պարզաբանեց, որ Աստուածաշունչի էջերուն մէջ քով-քովի արձանագրուած «հաւատք, յոյս, սէր» բառերը իրողապէս խորհրդանշական են եւ ի զուր չէ, որ նորածին մանուկի մը մկրտութեան պահուն կը յիշատակուին իրարու ետեւէ. «Սա այն հաւատքն է, որ Քրիստոսի Յարութենէն կու գայ, որ յաւիտենական կեանքի յոյսը կը շնորհէ, որ իր կարգին ցոյց կու տայ Երկնաւոր Հօր սէրը՝ քրիստոնեայ մանուկին նոր կեանք շնորհելով», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Այս իմաստով է, որ Ս. Յարութեան տօնը կը նկատուի քրիստոնեայ աշխարհի տօներուն տօնը, ամէնէն մեծ տօնը եւ իբրեւ բարի լուր՝ կը հանդիսանայ բոլոր տեսակի շնորհաւորանքներուն գագաթնակէտը»:

Հոգեպարար արարողութեան աւարտին, հաւատացեալ զաւակներ ցնծագին ուրախութեամբ հրաժեշտ տուին իրենց Հոգեւոր տան եւ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնին առթած հաւատքով վերանորոգուած՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները տարին իրենց տուները:

Close Menu

Categories