Երեքշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2020-ին, նախագահութեամբ նորընտիր Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Թորգոմ Ս․ Եպս․ Տօնոյեանին տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի նորընտիր Ազգային Վարչութեան անդրանիկ նիստը։ Ներկայ էին նաեւ նախկին Առաջնորդ՝ Բարձր․ Տ․ Մուշեղ Ս․ Արք․ Մարտիրոսեան, ինչպէս նաեւ Ազգային Վարչութեան նախկին կազմի դիւանի անդամները։
Ժողովը սկիզբ առաւ «Տէրունական Աղօթք»ով, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազանը իր բարի գալստեան խօսքը փոխանցեց։ Ան նախ երախտագիտութիւն յայտնեց նախկին Առաջնորդին իր բոլորանուէր ծառայութեան համար, որուն անմիջական ճիգերով բարձրացած այս Առաջնորդարանը այսօր դարձած է մեր գաղութի կարեւորագոյն հաստատութիւններէն մին։ Թորգոմ Սրբազանը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգ․ Վարչութեան նախկին անդամներուն, իսկ նորերուն՝ յաջողութիւն իրենց ստանձնած պատասխանատու առաքելութեան մէջ։
Այնուհետեւ, խօսք առաւ Մուշեղ Սրբազան, որ իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց անցեալի եւ ներկայի բոլոր ժողովականներուն, որոնց հետ տարիներ շարունակ գործած էր յանուն Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին։ Բարի գալուստ եւ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգային Վարչութեան, իրենց ազգանուէր եւ աստուածահաճոյ գործունէութեան մէջ։
Յաջորդաբար իրենց սրտի խօսքերը փոխանցեցին նաեւ Ազգ․ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ Տեարք Վահէ Եագուպեան ու Կայծակ Զէյթլեան եւ նախկին Վարչութեան անդամները, որոնք երախտագիտական խօսքերով դրուատեցին Մուշեղ Սրբազանին ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին զօրակցելու նորընտիր Առաջնորդին եւ իրենց ծառայութիւնը ի սպաս դնելու մեր Թեմին եւ Ազգ․ Առաջնորդարանին։
Ապա, նախկին Վարչութեան եւ նորընտիր Վարչութեան անդամներուն միջեւ կատարուեցաւ աշխատանքային փոխանցում, որմէ ետք նորընտիր Վարչութիւնը ընտրեց իր դիւանը հետեւեալ կազմով․ Տեարք՝ Վահէ Յովակիմեան՝ Ատենապետ, Մհեր Տէր Յովհաննիսեան՝ Փոխ-ատենապետ, Ճորճ Չորպաճեան՝ Ատենադպիր եւ Դոկտ․ Գալուստ Ակոբեան՝ Գանձապահ. իսկ խորհրդականներն են` Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան, Տիար Արա Շապանեան, Բրշ. Պերճ Սրկ. Աբգարեան, Տեարք Կարպիս Պէզճեան, Ճէք Հաճինեան, Սարգիս Թաթիկեան եւ Գեւիկ Պաղտասարեան։
Տիար Վահէ Յովակիմեան շնորհակալութիւն յայտնեց նոր դիւանին նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան համար եւ յանուն Ազգային Վարչութեան ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանին, եւ վստահեցուց, որ միասնաբար նորանոր իրագործումներով աւելի բարձունքներ պիտի հասնինք եւ յաղթահարենք դժուարութիւններ ու տագնապներ։
Վարչութեան անդրանիկ նիստը իր աւարտին հասաւ Թորգոմ Սրբազանին եզրափակիչ պատգամով։ Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին իրենց քաջալերիչ խօսքերուն համար, շեշտելով, որ բոլորիս նպատակը մէկ ուղղութիւն ունի՝ ծառայել Աստուծոյ փառքին եւ մեր ժողովուրդի ծաղկազարդման համար։