Skip to main content
search
Uncategorized

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Թեմերուն Թելադրեց Յառաջիկայ Կիրակին Հռչակել Արցախի Զօրակցութեան Օր Եւ Մարդասիրական Օժանդակութիւն Կատարել Արցախի Ընտանիքներուն

By May 3, 2023May 3rd, 2024No Comments

Այսօր՝ Չորեքշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը առցանց հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներուն հետ: Հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան։ Հանդիպումի օրակարգին գլխաւոր հարցը Արցախի մեր ժողովուրդին զօրակցութիւնն էր: Նորին Ս. Օծութիւնը հետեւեալ թելադրութիւնները կատարեց առաջնորդներուն եւ թեմի իշխանութիւններուն.-

Ա) Յառաջիկայ Կիրակի, 1 Հոկտեմբերը նկատել Արցախի զօրակցութեան օր՝ հոգեհանգիստ կատարելով Արցախի նահատակներու հոգիներուն, ինչպէս նաեւ աղօթել հիւանդներու շուտափոյթ ապաքինման եւ ընդհանրապէս տագնապի մէջ գտնուող մեր զաւակներուն բարօրութեան համար:

Բ) Գործնապէս մասնակից դառնալ ի խնդիր Արցախի մեր ժողովուրդին անվտանգութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան տեղի ունենալիք ցոյցերուն եւ հրապարակային այլ նախաձեռնութիւններուն:

Գ) Օժանդակել Արցախի մեր զաւակներուն ընկերային-տնտեսական կարիքներուն՝ թէ՛ Արցախի եւ թէ Հայաստանի մէջ:

Close Menu

Categories