Կիրակի, 1 Մայիս 2022-ին, Էնսինոյի Ս. նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք, յատուկ թափօր մը, գլխաւորութեամբ Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, մասնակցութեամբ Սրբազան Արքեպիսկոպոսներու եւ Կրօնական ժողովի Վարդապետ ու Քահանայ հայրերու, Ազգ. վարչութեան անդամներու, Ազգ. երեսփոխաններու, Խնամակալ մարմնի ներկայացուցիչներու, տեղւոյն Հոգաբարձական կազմին, ղեկավարութեան, Ս. Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի տնօրէնին, անձնակազմի, Ուսումնական մարմնի, ուսուցիչներու եւ բարձրագոյն կարգի աշակերտներու, եկեղեցւոյ սարկաւագաց եւ դպրաց դասերու, բարերարներու, բարեկամներու եւ հարիւրաւոր հաւատացեալ ժողովրդեան, շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ համալիրի կից գնուած նոր կալուած, ուր Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց օրհնութեան յատուկ կարգ:
Այս առիթով, Ս. Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի Ուսումնական մարմնի ատենապետ Տիար Վահէ Պէնլեան նոր կալուածին բանալիները յանձնեց Առաջնորդ Սրբազանին՝ առ յերախտագիտութիւն Թորգոմ Եպս.ի ունեցած եզակի դերին եւ Ազգային վարչութեան ներդրումին, այս նոր կալուածի ձեռքբերման ճիգին ու աշխատանքին մէջ:
Բանալիներէն օրինակ մըն ալ՝ իբրեւ խորհրդանիշ դպրոցի ընդլայնման աշխատանքներու գործանականացման առաջին փուլի, տրուեցաւ դպրոցի տնօրէնուհի Տիկին Սօսի Շանլեանի:
Առաջնորդ Սրբազանի վկայութեամբ՝ «Ընդհանրապէս Արեւմտեան Թեմի կեանքէն ներս եւ մասնաւորաբար Սան Ֆերնանտոյի մեր համայնքին համար, ոչ թէ լոկ պատմական, այլեւ յաղթական օր է այսօր, երբ երէկ անիրականանալի թուացածը այսօր կը դառնայ շօշափելի իրականութիւն, շնորհիւ մեր ժողովրդեան հաւաքական կամքին, բարերարներուն ու բարեկամներուն հաւատքին, շրջանի հոգեւոր եւ ազգային պատասխանատուներու աշխատունակ ոգիին եւ Ազգ. Առաջնորդարանի հսկող ու առաջնորդող ուղենշային հովանաւորութեան: Բի՜ւր յարգանք՝ ծանօթ ու անծանօթ Հայ Եկեղեցւոյ ու հայ դպրոցի առաքելութեան հաւատացող նուիրեալ բարերարներուն, որոնք հաւաքական երազներ իրականութեան կը վերածեն եւ տեսիլքներու մարմին կու տան՝ միշտ աստուածային իմաստութեամբ առաջնորդուած, ի վայելումն հայոց ազգին ու մեր զաւակաց»:
Աւարտին, բոլոր ներկաները առիթ ունեցան շրջելու կալուածէն ներս եւ ապրելու Ազգ. Առաջնորդարանի նոր նուաճման արդար հրճուանքը: