«ԴՈՒՔ ՄԵՐ ՊԱՐԾԱ՛ՆՔՆ ԷՔ ԱՅՍՕՐ ԵՒ ՅՈՅՍԸ ՎԱՂՈՒԱՆ»,
ԸՍԱՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ
Շաբաթ, 1 Յունիս 2024-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան նախագահեց Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի երկրորդական կարգի ամավերջի հանդէսին եւ արտասանեց աւելի քան վեց տասնեակ շրջանաւարտ աշակերտները ոգեւորող խօսք, յատկապէս երբ հանդէսին ներկայ ծնողներու, հարազատներու եւ հիւրերու բազմութիւնը հրաւիրեց ոտքի՝ ի յարգանս իրենց երիտասարդութեան սեմին կանգնած շրջանաւարտ փաղանգի կրթական ճիգին ու տարիներու աշխատանքին՝ ըսելով. «Սիրելի՛ աշակերտներ, դուք մեր պարծա՛նքն էք այսօր եւ վառ յոյսը մեր վաղուան»:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ամբողջացուց իր խորհրդածութիւնները՝ նշելով, որ իբրեւ նորընտիր Առաջնորդ, տարեփակի հանդիսութիւններու շարանը ահա՛ սկիզբ կ՛առնէ գաղութի առաջի՛ն երկրոդական վարժարանի հանդէսով եւ այս առիթով աւելցուց, որ Արեւմտեան Թեմը նաեւ «դպրոցաշէն եւ կրթասէր Թեմ կը կոչեմ, Բարերար Թեմ ըլլալու կողքին»: Իր խօսքին մէջ ան նաեւ գնահատեց շրջանաւարտներուն ծնողները, որոնք գիտակից վստահութեամբ հայկական վարժարան կ’ուղարկեն իրենց զաւակները, այլեւ դրուատանքի արժանացուց սրահին մէջ գտնուող մեծ-մեծ ծնողները՝ դիտել տալով, որ անոնք ազգային ոգեղէն արժէքներ կրողներն են մեր ազգին մէջ եւ իրենց շէնշող ներկայութեամբ անոնք հայկականութեամբ կը լեցնեն իրենց զաւակներուն, թոռներուն ու մեր բոլորին կեանքերը, հայաբոյր կը դարձնեն մեր տուներն ու օճախները:
Հուսկ, յուսավառ ապագայի տեսլականը տարածելով իր շուրջ, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց շրջանաւարտ սերունդը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու ներկաները եւ բոլորին բաշխեց իր սրտագին օրհնութիւնները: