Կիրակի, 25 Դեկտեմբեր 2022-ին, Սուրբ Ստեփանոսի նախավկայի տօնը նշուեցաւ Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս։ Այս առիթով, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, նախագահեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, իսկ Ս. Սեղանին սպասարկութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ Սարկաւագաց դասը։
Նախքան քարոզը, սարկաւագները քահանայական սաղաւարտներ հագած, Սրբազան Հօր առաջնորդութեամբ եւ «Ստեփանոս քաղցրիկ տատրակ» շարականի երգեցողութեամբ՝ թափօր կազմելով ուղղուեցան դէպի Ս. Խորան։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ վեր առնելով Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ նախավկային տիպարը, յորդորեց սարկաւագները ընթանալու Ս. Ստեփանոսի ծառայական ուղիէն եւ վերանորոգ հաւատքով շարունակելու իրենց անսակարկ ծառայութիւնը, ի շինութիւն Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի բարգաւաճումն ազգիս հայոց։