– «ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԸ ԱՄԷՆԱՄԵԱՅ ՈՒՂԵՆԻՇ»,
«ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀԵՏԵՒՈՐԴԸ ՊԱՐՏԻ ՈՒՆԵՆԱԼ ՈԳԵՂԷՆ ՔԱՋՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆՄՆԱՑՈՐԴ ՍԷՐ», ԸՍԱՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ
Կիրակի, 28 Յունուար 2024-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց Փասատինայի նոյնանուն եկեղեցւոյ մէջ եւ աւուր պատշաճի պատգամեց, իր խօսքին մէջ վեր առնելով Յիսուս Քրիստոսի անսահման մարդասիրութիւնն ու աշխարհը լեցուցած մեղաւոր մարդոց նկատմամբ մեր Տիրոջ ցուցաբերած անծայրածիր հոգածութիւնը՝ նշելով, որ այս յատկանիշները նաեւ լաւագոյնս մարմնաւորուեցան Սարգիս անուն մեծ սուրբի կեանքին ու վարքին մէջ:
Նոյն օրը, տնօրինութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին, Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ընթերցուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական «2024՝ Մարդուժի Տարի» հռչակագիրը, զոր Առաջնորդ Սրբազանը կոչեց «ամէնամեայ ուղենիշ»՝ նշելով որ ամէն տարի նոր երեւոյթի մը նուիրուած Հայրապետական հռչակագիրը ընթացք ու խորութիւն կը պարգեւէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծխական եւ թեմական կառոյցներու գործունէութեան եւ՝ ընդհանրապէս, ամբո՛ղջ սփիւռքահայութեան:
Եկեղեցւոյ Ս. խորանին սպասարկեցին Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը: Արարողութեան ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ փոխ ատենապետ՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, անդամ Տիար Սարգիս Թաթիկեան, հոգաբարձական կազմը, Ազգ. երեսփոխաններն ու եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, ինչպէս նաեւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ հաւատացեալ բազմութիւն, որոնք ականջալուր՝ իրենց Հոգեւոր Առաջնորդի հոգեպարար քարոզին, աղօթքի ու շարականներու ճամբով ստացան օրհնութիւններ:
Իր պատգամի աւարտին, Թորգոմ Եպիսկոպոս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով շնորհաւորեց բոլոր ներկաներն ու կամաւորները, ինչպէս նաեւ Սարգիս անունը կրողները՝ դիտել տալով, որ Քրիստոսի հետեւորդ ըլլալ կը նշանակէ՝ ներքնապէս քաջ ու հաւատքով լի՝ Իրե՛ն համար նահատակուելու պատրաստ ըլլալ, եւ զայս ընելու համար պէտք է որ մարդը, առաջին հերթին, տոգորուած ըլլայ անմնացորդ սիրով՝ դէպի իր Տէր Յիսուս Քրիստոսը եւ իր նմանը:
Յընթացս արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ ուրար կրելու իրաւունք շնորհեց եկեղեցւոյ ծառայող երկու երիտասարդներու՝ Տէյվիտ Տէր Կարապետեանի եւ Կարօ Քէլլէճեանի, ապա օրհնեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով պատրաստուած մատաղը, որ յետ արարողութեան բաժնուեցաւ ներկաներուն, որպէսզի տուներն ու ընտանեաց պարագաները եւս լեցուին օրհնութիւններով: