
Կիրակի, 1 Յունիս 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Ս. եւ անմահ պատարագին, զոր մատուցեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան:
Շրջանի հաւատացեալ բազմութեան կողքին Ս. արարողութեան նաեւ ներկայ եղան եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքն ու իր հովանիին տակ գործող Մոնթեպելլոյի Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի բաղադրիչ տարրերը՝ Տնօրէնուհի Օրդ. Լենա Կարապետեան, ուսուցիչներ, աւարտական 12-րդ կարգի աշակերտները եւ ծնողներ: Ինչպէս աւանդութիւնն է, այս տարուան շրջանաւարտ աշակերտները խմբուած էին եկեղեցի, վարժարանի ամավերջի հանդիսութեան նախօրեակին Ս. Հաղորդութիւն ստանալու համար ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր:
Արդարեւ, Ս. Հաղորդութիւն մատակարելէ առաջ նորահաս երիտասարդներուն, Գեղամ Արքեպիսկոպոս իր քարոզին մէջ ընդգծեց առիթին եզակիութիւնը՝ քաջալեր հանդիսանալով աշակերտներուն, թէ՝ «այսօր դուք Ս. Հաղորդութիւն կը ստանաք, որուն Հոգեւոր իմաստը այն է, թէ ձեր եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի մարմնին ու արեան հետ կապի ամրապնդում տեղի կ՛ունենայ, իսկ ազգային իմաստով՝ Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայկական պատկանելիութեան հետ ձեր ազգային կապը անքակտելիօրէն կ՛ամրանայ իբրեւ հայ-քրիստոնեայ մարդու երաշխիք», ապա գնահատեց եւ շնորհաւորեց զիրենք՝ իբրեւ կեանքի կարեւոր հանգրուան աւարտած աշակերտներ, հայրաբար օրհնեց զանոնք ու բոլորին մաղթեց ամենայն բարիք եւ յաջողութիւն կեանքի բոլոր հանգրուաններուն, ապա աղօթքի հնչիւններու ներքոյ Ս. Հաղորդութիւն տուաւ անոնց:
Յայտնենք, որ յետ արարողութեան, ի պատիւ շրջանաւարտ աշակերտներուն ու անոնց ծնողներուն` Հոգաբարձութեան կազմակերպած Սիրոյ սեղանին մասնակից դարձան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, վարժարանի տնօրէնուհին եւ կրթական մշակները: