Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Նախագահեց Եւ Վկայականաց Բաշխում Կատարեց Կլենտէյլի Ազգ. Ռ. Թիւֆէնքեան Մանկամսուր-Մանկապարտէզի Հանդէսին

By June 13, 2025No Comments

Շաբաթ, 7 Յունիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, նախագահեց, գնահատանքի խօսք արտասանեց եւ վկայականաց բաշխում կատարեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Մանկամսուր-Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսին, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլ Հայ Սքուլի մէջ, ներկայութեամբ Թիւֆէնքեան հիմնադիր բարերար ընտանիքի ներկայացուցիչներու, ծնողներու, բարեկամներու, կամաւոր ծառայողներու եւ հրաւիրեալներու:

Մանկական հրաշալի աշխարհի մը մէջ, Ազգ. Ռ. Թիւֆէնքեան Մանկապարտէզի փոքրիկները իրենց գեղարուեստական յայտագիրով հմայեցին ներկաները, մինչ Առաջնորդ Սրբազան Հօր սրտագին խօսքը լեցուն էր գնահատականներով՝ ուղղուած վարժարանի հիմնադիր Թիւֆէնքեան ընտանիքի անդամներուն, կրթական եւ վարչական կազմերուն, պատասխանատուներուն, ուսուցիչներուն, ու ծնողներուն, որոնց մասին շեշտեց, որ անոնք բազում զոհողութեանց գնով Ազգ. Ռ. Թիւֆէնքեան մանկապարտէզի հայեցի կրթութեան կը վստահին իրենց զաւակները՝ քաջ հաւատալով, որ Մանկապարտէզը առաջին եւ սկզբունքային հանգրուանն ու նախապայմանն է՝ ապագային ազգային ոգիով տոգորուած շրջանաւարտներ ունենալու, ի խնդիր համայնքային կեանքի առաւել զարգացման ու բարգաւաճման:

Հուսկ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս իր հայրական օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքը բաշխեց բոլորին, ապա փոքրիկ շրջանաւարտներուն շնորհեց իրենց մանուկ կեանքի առաջին վկայականները, ցնծութեամբ լեցնելով սրահն ու բոլորին սրտերը:

Close Menu

Categories